Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի Կազմակերպութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում ` Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Շուրջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ Ազգային Միացեալ, Եղիշէ Մանուկեան, Նուպարեան-Խրիմեան եւ Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանները ներկայացնող մէկական աշակերտներու, ուրբաթ, 23 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին նուիրուած խորհրդանշական ոգեկոչում, որուն առցանց հետեւեցան յիշեալ վարժարաններու բոլոր աշակերտները: Ոգեկոչումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:

Ոգեկոչման սկիզբը ազգային վարժարաններու ներկայացուցիչները Շոփենի «Մահերգ»-ով, յամրաքայլ մօտեցան մինչեւ յուշարձան եւ առ ի յարգանք 1915-ին նահատակուած իրենց 1,5 միլիոն նահատակներուն` եռագոյն ծաղկեպսակ մը զետեղեցին յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի աշակերտ Աբրահամ Արըճեան:

Արըճեան նկատել տուաւ, որ իբրեւ ազգային վարժարանի աշակերտ` լսած, կարդացած եւ յաճախ կրկնած ենք անմահ գրագէտին ծանօթ խօսքը, թէ` «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»: Ան ըսաւ, որ չարիքը, որուն կ՛ակնարկէ գրագէտը, ցեղասպան թուրքն է, որ 1915 թուականին իրագործեց 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը. կոտորեց 1,5 միլիոն հայ, գրաւեց մեր հայրենիքին երեք չորրորդը, գետնին հաւասարեցուց հայ մշակոյթի դարաւոր կոթողները եւ հայ ժողովուրդին պատճառեց տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբանական ծանր վնասներ: Ան շեշտեց, որ չարիքը նոյն թուրքն է, որ տակաւին ամիսներ առաջ զէնք ու զրահով օժանդակեց իր հարազատ եղբօր` Ազրպէյճանի, որպէսզի Արեւմտահայաստանի մէջ իր սկսած գործը ան շարունակէ Արեւելահայաստանի հայկական արծուեբոյնին` Արցախի մէջ:

Արըճեան ըսաւ, որ թուրքին թրքութեան դիմաց, իբրեւ հայ աշակերտներ, իրենք չեն կրնար ձեռնածալ մնալ, այլ պիտի շարունակեն իրենց պայքարը եւ պահանջատիրութիւնը, մինչեւ որ հասնին իրենց նպատակին, մինչեւ որ վերատիրանան հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներուն, արեան հատուցումին, հողին եւ վերադարձի իրաւունքին: Ան հաստատեց, որ իրենք ա՛յս կը սորվին ազգային վարժարաններուն մէջ, այս ոգիով կը դաստիարակուին ու կը մեծնան եւ այս կամքով կ՛ուխտեն շարունակել իրենց նախորդներուն սկսած ճամբան:

«Այսօրուան այս ոգեկոչումը պարզապէս յիշեցում մըն է մեր ժողովուրդին ու նաեւ մեր թշնամիին, որ մենք տկարացողը եւ վախցողը չենք, մենք յուսահատողը եւ յոգնողը չենք: Մենք մեր պայքարը դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ եւ մինչեւ մեր կեանքին վերջին շունչը պիտի շարունակենք, մինչեւ որ հասնինք ազատագրուած Շուշի, Գետաշէն եւ Շահումեան, մինչեւ որ եռագոյնը ծածանենք Մուշի, Սասունի, Կարսի եւ Արտահանի վրայ» եզրափակեց Աբրահամ Արըճեան:

Այնուհետեւ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտուհի Լոռի Կիւլիւմեան մեկնաբանեց «Մօր երգը զինուորին» երգը, իսկ Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն Սեւան Սարգիսեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք» բանաստեղծութիւնը:

Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան անունով 106-ամեակի պատգամը արտասանեց Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Յովիկ Պետրոսեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօրուան Թուրքիան օսմանեան ոճրապարտ եւ ցեղասպան իշխանութիւններուն ժառանգորդն է: Ան մեր դրացին ու դաշնակիցը չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ, այլ մեր յաւիտենական թշնամին է, այնքան ատեն որ ան կը խուսափի արդար հատուցում կատարելու իր պարտաւորութենէն, եւ այնքան ժամանակ որ ան կը խեղաթիւրէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Եւ դեռ, այնքան ատեն որ ան սատար կը կանգնի Ազրպէյճանին` քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական բոլոր միջոցներով աջակցելով, որ ան Արցախին տիրանայ եւ արցախահայութեան մարդկային, մշակութային եւ տնտեսական հսկայական վնասներ պատճառէ:

Պետրոսեան շեշտեց, որ մեր պայքարը աւարտած չէ: Մեր պահանջատիրական երթը կանգ առած չէ: Մեր պայքարը` ամբողջական ու աննահանջ, նոր կը սկսի:

«Արցախը մե՛րն է, Շուշին մե՛րն է, Նախիջեւանը մե՛րն է, ոչ` ազերիին, ինչպէս որ մե՛րն է Արեւմտահայաստանը եւ ոչ` թուրքին: Եթէ մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն արիւնը 106 տարիներ ետք չորցաւ ու անոնց աճիւնները փոշի դարձան, Արցախի մեր նահատակ ազատամարտիկներուն արիւնը դեռ թաց է, դեռ կը շարունակէ պղպջալ` իբրեւ նախատինք եւ ազգային ամօթ» հաստատեց ան:

Շարունակելով` Պետրոսեան ըսաւ. «Մենք ծնանք մեր հայրենիքէն դուրս, բայց ապրեցանք հայրենիքին համար, մեր ոտքերուն տակ հայրենի հող չունեցանք, բայց հայրենիքի՛ վերածեցինք մեր դպրոցը, մեր եկեղեցին, մեր ակումբը, եւ որովհետեւ սփիւռքի բոլոր երկնակամարներն ալ ծածկեցինք եռագոյնով, ամէն տեղէ նոյն երկինքը տեսանք: 106 տարի մեր հոգիներուն մէջ Արարա՛տ շալկած ապրեցանք, մեծցանք ու զօրացանք: Եւ հիմա, ահա մենք` Հայոց ցեղասպանութեան 5-րդ սերունդի աշակերտներ, կանգնած այս նուիրական յուշակոթողին դիմաց, մեր ուխտը վերանորոգելով, բարձրաձայն կը գոչենք թուրքին երեսն ի վար.

«Մենք կը մերժե՛նք քու մշակոյթդ` թրքաբարոյ,
«Մենք կը մերժե՛նք քու արտադրութիւնդ` թրքական,
«Մենք կը մերժե՛նք քեզ` իբրեւ բարեկամ ու հարեւան,
«Մեր սիրտը կը տրոփէ հայութեան համար, ու մեր աչքերուն մէջ կը ծփայ բռնագրաւեալ մեր բոլոր հողերուն վերատիրացման տենչը նուիրական»:

Այնուհետեւ, իր խօսքը եզրափակելով, Պետրոսեան հաստատեց, որ` «Ազգային վարժարաններու աշակերտները, բոլոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, պատրա՛ստ են, յանձնառու եւ գիտակից` հաւատարիմ մնալու հայ մարդու իրենց կոչումին եւ առաքելութեան, վճռական են` քալելու մեր նահատակներու հետքերով, թրծուելու մեր նախորդներու շունչով եւ ներշնչուելու մեր հերոսներու պայքարի ոգիով, մինչեւ որ Պիքֆայայի յուշակոթողին նմանակը կանգնեցնենք բռնագրաւեալ մեր հողերուն վրայ, Մասիսի արեւմտեան լանջին, իբրեւ յուշարար մեր ամբողջական յաղթանակին` միացեալ հայութեամբ միացեալ Հայաստանի կերտման մեր մեծ տեսլականին»:

Օրուան խօսքէն ետք դպրեվանքի սաները, խմբավարութեամբ, Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, մատուցեցին ազգային-հայրենասիրական փունջ մը երգեր` «Խանի երգը», «1907 թուականին», «Գովք Եդեսիոյ»:

Յայտնենք, որ ազգային վարժարաններու աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներով եւ ծնողներով, ոգեկոչական այս ձեռնարկին հետեւեցան Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջով: