7 ապրիլին, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի եւ Րաֆֆի Տէմիրճեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունիի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեանի հետ:
Հաւաքը կը միտէր լուսարձակի տակ առնել ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ ազգային վարժարաններուն կողմէ տարուող կրթական հիմնական աշխատանքները, թէկուզ եւ անոնք կը տարուին հեռավար ուսուցման ճամբով ու կրթական պատասխանատուներուն կողմէ հեռաձայնային հետապնդումներով: Հաւաքին, երբ իւրաքանչիւր վարժարանի ներկայացուցիչ խտացեալ կերպով զեկուցեց հեռավար ուսուցման ծրագիրներու միջոցով տարուող աշխատանքներուն մասին, ուրախութեամբ պարզուեցաւ, որ տնային արգելափակումի այս միջոցին եւ հակառակ տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւններուն, ազգային վարժարաններու կրթական մշակները առաւելագոյն չափով կը հետապնդեն իրենց աշխատանքները եւ հեռակայ հաղորդակցական միջոցներով աշխատանքի լծած են ամբողջ աշակերտութիւնը: Կան կամքէ անկախ թեքնիք դժուարութիւններ, որոնց համար Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Ուսումնական խորհուրդին հետ միասին կարելի է ապագային լուծել այդ հարցերը, նաեւ համադրելով վարժարաններուն ճիգերը` կարելի է իրականացնել փորձառութիւններու փոխանակում եւ մէկտեղում:
Աւարտին, Շահէ Եպս. Փանոսեան մեծապէս գնահատեց ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն աշխատանքը, հակառակ այն իրողութեան, որ համաճարակին ստեղծած արտասովոր տագնապին ու քաղաքական կեանքի ու տնտեսական պայմաններու յարուցած խոչընդոտներուն դիմաց, կրթութեան գործին նուիրեալ մեր ուսուցիչները իրենց կարելին կ’ընեն, որպէսզի հայ աշակերտը չանջատուի ուսումնական կեանքէն ու չպարպուի կրթական մթնոլորտէն:
Սրբազանը նաեւ յոյս յայտնեց, որ ազգային վարժարաններու պատասխանատուներու ու ծնողներու միացեալ ճիգերով, կարելի կը դառնայ նաեւ յաղթահարել վարժարաններուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները եւ այս տագնապը շրջանցել նուազագոյն վնասներով: