Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի 2021-2022 կրթական տարեշրջանը փակուեցաւ նախակրթարանի Զ. եւ երկրորդականի ԺԲ. դասարաններու վկայականաց բաշխումով, որուն ներկայ էին` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Փուչիկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Այնճարի եւ Զահլէի «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու, Ազգային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի, Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդի եւ պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի բարերարներ, ծնողներ եւ հայրենակիցներու բազմութիւն մը:
Աւարտական կարգի աշակերտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգները, որոնցմէ ետք բարի գալուստ մաղթեց տնօրէնը` տարեշրջանի պատգամը խտացնելով «Դիմադրութիւն» բանաձեւով, ներկայացնելով անոր բազմաճակատ բնոյթն ու ոգեկան, իմացական եւ ֆիզիքական տարողութեանց փոխպայմանաւորումը: «Ներկայ ժամանակներու թելադրականը` դիմադրութիւնը իբրեւ ինքնութեան, էութեան պաշտպանութեան զէն ու զրահ, արժանապատուութեան կեանք ու կռիւ, անկասելի շարժի վերածելն է ու ամէնուրեք` հայրենիքէն մինչեւ հայաշխարհի ամէն անկիւն», յայտնեց տնօրէնը:
Այնուհետեւ ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը` Ա.-Գ. կարգերու երգչախումբի «Հայ ենք մենք» ու «Հայորդիք» երգերու կատարումով, որուն յաջորդեց Դ.-Զ. կարգերու պարախումբի «Կանանց» ժողովրդական պարը:
Հանդէսի պատգամախօսն էր վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն Արմիկ Տիւքէնճեան-Խըտըրլարեան, որ յետադարձ ակնարկով մը ժամանակի սլաքները ուղղեց դէպի աշակերտական իր օրերը` ներկաներուն փոխանցելով այն գեղեցիկ զգացումներն ու գուրգուրանքը, զորս ստացած էր այս յարկին տակ, շնորհիւ կրթական բոլոր պատասխանատուներու հոգատարութեան ու քաջալերանքին: Ան յորդորեց դժուար փորձութիւններու պարագային, չընկրկիլ, ու յարատեւ ճիգով փորձել հասնիլ լաւագոյնին, որովհետեւ` «Կեանքի ելեւէջները դաստիարակիչ յատկութիւն կ’ունենան հաւատքով, յոյսով ու սիրով ընթացողներուն համար»: Պատգամախօսը հանդէսը նկարագրեց իբրեւ տօնական օր` «Իր յուզիչ ջերմութեամբ, ուրախ ժպիտներով եւ տօնական զուարճանքով»: Ապա իր խօսքը ուղղելով Զ. դասարանի շրջանաւարտներուն` մաղթեց, որ անսպառ թափով շարունակեն իրենց աշխատանքը, թռիչք տան իրենց ստեղծագործական աշխարհին, ծաղկեցնեն իրենց միտքն ու հոգին. իսկ ԺԲ. դասարանի շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Սլացէ՛ք արծիւի նման, որ քամիի ուղղութիւնն անգամ կ’օգտագործէ երկինքի բարձունքներուն հասնելու համար: Եղէ՛ք այս վարժարանին ու գիւղին արծիւները, եւ մի՛շտ վերադարձէք ձեր հին բոյնը` ձեր ներդրումը ունենալով անոր բարգաւաճման գործին: Եղէ՛ք նաեւ ձեր սրբազան հայրենիքին պաշտպան արծիւները` լուռ ու անտարբեր չմնալով մեր ժողովուրդը յուզող տեղական ու համահայկական խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ»:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ նախակրթարանի Ա.-Բ. կարգերու պարախումբի «Թամզարա» ու Գ. կարգի պարախումբի «Իշխանապար» կատարումներով:
Տնօրէն Արմէն Թաշճեան վարժարանի մեծ ընտանիքին հանդիսաւոր վկայութիւնն ու երախտագիտութիւնը փոխանցեց վարժարանի կրթական առաքելութեան անխոնջ նուիրեալներէն` Անի Գալուստեանին, որ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ ստացաւ բոլորին երախտագիտութիւնը խորհրդանշող յուշանուէրը:
ԺԱ. դասարանի հաղորդավարները, որոնք ստանձնած էին հանդէսին բեմավարութիւնը, սրտառուչ խօսքերով հրաւիրեցին ներկաներուն ուշադրութիւնը գեղարուեստական յայտագիրին վրայ, որ բեմ կը հրաւիրէր նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդականի աշակերտները` երգով, պարով, ասմունքով շէնցնելու երեկոն:
Այնուհետեւ, նախակրթարանի Դ.-Զ. կարգերու երգչախումբը ներկաներուն մատուցեց ազգային-հայրենասիրական երգերու շարք մը. երգեցողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թ. դասարանի աշակերտուհիներ Լիլի Գապաքեան եւ Մաթիլտա Քէօհիւլեան:
Մրցանակաբաշխումի համար տնօրէնը բեմ հրաւիրեց մրցանակակիր աշակերտները, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն ու նուիրատուներուն, որոնք սատար կը հանդիսանան դպրոցի վերելքին եւ իրենց ներդրումով կը քաջալերեն աշակերտներու ջանադրութիւնը:
Հայկական ազգագրական երգի կատարումով, Լիլի Գապաքեանի ու Մաթիլտա Քէօհիւլեանի կողմէ, շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը. ԺԲ. դասարանի ներկայացուցիչներ` Դուին Հերկելեան, Քրիսթել Միքայէլեան եւ Արիանա Սըգայեան կարդացին իրենց ուղերձները` հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով:
Բեմը նոր փայլք մը ստացաւ միջնակարգի Է.-Ը. պարախումբի «Զարթօնք»-ի պարով, որմէ ետք նախակրթարանի շրջանաւարտները ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը: Գեղարուեստական բաժինը վերջ գտաւ Թ.-ԺԲ. պարախումբի «Ազատ, անկախ» պարային ելոյթով:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ իր յանձնարարականները կատարեց շրջանաւարտ զոյգ դասարաններուն. «Կարեւորը` ձեր գաղափարականին եւ յուզականին կազմութիւնը զուլալ ակունքներէ սնանի, որպէսզի բարիի ու չարի, արդարի ու անարդարի, ազնուութեան ու վայրի քիմքի գօտեմարտին զանազանութիւն գտնէք»: Տնօրէնը մաղթեց, որ անոնք ըլլան ուրոյն, վստահին իրենց քննական միտքին ու դատող խիղճին եւ ըլլան լաօ-ները զարթօնքի եւ դիմադրութեան կռիւին»: Ան շնորհաւորեց բոլորը եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, նախարար Ճորճ Փուչիկեանը, պատգամախօսն ու Անի Գալուստեանը` կատարելու վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը արտասանեց հանդէսի եզրափակիչ խօսքը:
Անդրադառնալով անցնող տարիներու տարատեսակ տագնապներուն` Առաջնորդը գոհունակութիւն արտայայտեց ի տես բոլորին կրթանուէր ծառայութեան մասնակցութեան, համոզում յայտնելով, որ «միայն բարոյականով զօրեղ եւ անշեղ կամքով հաւաքականութիւնները կրնան հասնիլ իրենց տենչերուն, որոնց լաւագոյն սերմնացանն է հայ դպրոցը»: Ան մաղթեց, որ հայ դպրոցին համար կատարուող բարոյական եւ նիւթական ներդրումները «ուխտապահ հոգիով տարուող անվերջ ճիգ ըլլան, որպէսզի հայ դպրոցը առաւել ինքնավստահ ընթացք ունենայ իր առաքելութեան մէջ»: Առաջնորդը հաստատեց, որ ներկայ իրավիճակով «նոյնիսկ եթէ հորիզոնին գոյները պայծառ չեն, հայ դպրոցին վաստակը խանդավառութիւն կը ստեղծէ եւ յոյս կը ներշնչէ»: Շնորհաւորելով շրջանաւարտները` ան յիշեցուց. «Մեր սպասումն է, որ վաղուան ձեր կեանքը համապատասխանէ մեր ժողովուրդի գաղափարական իղձերուն ու պատմութեան ուխտին, եւ երբ տալու ձեր հերթը հասնի` նոր որակ զետեղէք հայ դպրոցի կեանքին մէջ ու նոր արդիւնքով օժտէք մեր ժողովուրդին կեանքը»:
Սրբազան Հօր խօսքէն ետք շրջանաւարտները շնորհաւորանք ընդունեցին նախակրթարանի ու քոլեճի միջանցքին:
Վկայական ստացան.
Զ. դասարան. Արազ Տուտագլեան, Արեւ Թաշճեան, Ալիք Համուտեան, Անդօ Քիւսպէքեան, Պարոյր Անտոնեան, Դրօ Գալեմքերեան, Ռիթա Քենտիրճեան, Ռալֆ Աշգարեան, Սէրլի Արուշեան, Քրիսթել Գազանճեան, Լոռի Ճապրայեան, Նանոր Ֆըստըքճեան, Յակոբ Գրիգոր:
ԺԲ. դասարան. Արիանա Սգայեան, Դուին Հերկելեան, Ժիրայր Գալեմքերեան, Քրիսթել Միքայէլեան, Յարութ Քենտիրճեան, Պօղոս Շերպեթճեան, Սագօ Անտոնեան, Շանթ Ատաճեան, Վարագ Շաննաքեան, Յարութ Գարաքէշիշեան, Հրակ Սթամպուլեան, Հրակ Չափարեան, Յովիկ Աշգարեան, Երուանդ Զէյթունլեան, Թիա Տիապ, Րաֆֆի Հերկելեան, Ռիթա Տօնապետեան, Միքայէլ Ճանսզեան: