Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Այցելութիւն` Լիբանանահայ Երեք Համայնքապետերուն

10 ապրիլին հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէ, այցելեց ազգային առաջնորդարան, հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ Հայկազեան համալսարան` տեսակցութիւններ ունենալու լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն հետ:

Այցելութիւններուն ընթացքին պատուիրակութիւնը Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանին եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ  վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանին ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման միջկուսակցական նախաձեռնութիւնները եւ ապրիլ 24-ին երեք համայնքապետերու հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք ժողովրդային հաւաքին պատրաստութիւնները: