Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Շաբաթ, 15 դեկտեմբերին կատարուեցաւ ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցան մատաղի պատրաստութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւններ, իսկ կիրակի, 16 դեկտեմբերին, եկեղեցւոյ կից պողոտային մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին: Այնուհետեւ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին` թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Նախքան քարոզը, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց 8 յուլիս 2018-ին Արարատի գագաթը նուաճած Պետիկ Գասպարեանը, որ այս մասին խօսի: Պետիկ Գասպարեան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ընտանիքին, որ առիթը ընծայած էր իրեն ժողովուրդին հետ բաժնեկցելու դէպի Արարատ լեռ ուխտագնացութեան մասին իր մտորումները: Ան նկատել տուաւ, որ աշխարհի տարբեր գաղութներէ համախմբուած 22 հայորդիներով ճամբայ ելած էին իրենց ուխտը կատարելու եւ յարգանքի տուրքը մատուցելու: Գասպարեան բացատրեց, որ իրենք այս լեռնագնացութեամբ կը հետապնդէին մէկ նպատակ` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով ջահավառութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ այդ լեռնագնացութեան ընթացքին դիմագրաւած են ֆիզիքական եւ հոգեկան դժուարութիւններ, սակայն առանց յուսահատելու շարունակած են իրենց վերելքը, եւ 4 օր մագլցելէ ետք հասած են Արարատ լերան գագաթը, ուր իրենց հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութենէն ստացած գիտակցութեամբ ուխտած են տէր դառնալ հայրենի հողերուն եւ Արարատը վերադարձնել տուն: Այս առիթով ան եկեղեցւոյ նուիրեց Արարատի գագաթէն բերուած ջուր, հող եւ քար, որ ստանձնեց եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեանը, որ իր կարգին զայն յանձնեց Սրբազան Հօր` տեղադրելու խորանին վրայ:
«Ս. Յակոբի տօնին առիթով մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք հայութեան հզօրութեան եւ անմահութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Արարատ սուրբ լերան վրայ եւ անոր պատգամին ունկնդիր կը դառնանք մանաւանդ, երբ լսեցինք հայ երիտասարդութեան խօսքը ու վկայութիւնը եւ ստացանք իրենց ձեռքով Արարատէն մեզի բերուած մասունք մը», ըսաւ Րրբազան Հայրը իր խօսքին սկիզբը` աւելցնելով, որ Ս. Յակոբ եղաւ առաջին անձը, որ յանդգնեցաւ ու փորձեց Արարատ լեռը բարձրանալ, եւ իրեն համար անիկա լեռնագնացութիւն մը չէր եւ այդպէս չեղաւ նաեւ այն բոլոր հայորդիներուն համար, որոնք Արարատ լեռ բարձրացած են: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Արարատ լեռ բարձրանալը ամէն բանէ առաջ հաւատք կ՛ուզէ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ բարձրանալու ու մագլցելու դժուարին ճանապարհէն անցնիլ եւ այս մէկը ո՛չ միայն ֆիզիքական հասկացողութեամբ, այլեւ` հոգեկան եւ բարոյական ըմբռնումով:
«Արարատ բարձրանալը կը նշանակէ Աստուծոյ աւելի մօտենալ, որովհետեւ անոր վրայ կը հանգչի Նոյեան տապանը, որով խորհրդանշուած եւ սրբացած Արարատ լեռը դարձաւ յստակ խորհրդանիշ ու պատգամ մարդկութեան առ Աստուած վերադարձին եւ մարդկութեան ջրհեղեղէն փրկութեան: Արարատ լեռը մեր պատմութեան մէջ դարձաւ նաեւ խորհրդանիշ հայ ժողովոււրդի անխորտակելի կամքին եւ շարունակական յաղթանակներուն», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ ամէն անգամ, երբ նայեցանք Արարատին, հոն տեսանք հայ ժողովուրդին յաւերժութիւնը եւ փրկութիւնը, նաեւ հայ ժոողովուրդի ամբողջ պատմութեան եւ ձգտումներուն խտացումն ու ֆիզիքականէն անդին մեր հոգեւոր փրկութիւնը:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ այսօր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն է, սակայն եկեղեցին միայն այսօր հոս չէ, այլ եկեղեցին կայ իբրեւ հայ քրիստոնէական վկայութիւն մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ եկեղեցին հոս է ո՛չ միայն իբրեւ քարեղէն շէնք, այլեւ` իբրեւ Քրիստոսի պատգամին մշտահունչ զանգակատունը, իբրեւ ճանապարհ` հայ ժողովուրդը տանելու համար փրկութեան: «Այս եկեղեցին պատուհան մըն է` բացուած դէպի Արարատ լեռ, որուն ընդմէջէն մենք կը տեսնենք Նոյեան տապանը եւ կ՛անդրադառնանք, որ հակառակ աշխարհի պարտադրած ամէն տեսակի խառնակութիւններուն, մենք կրնանք Արարատէն նայիլ Աստուծոյ եւ մեր կեանքին եւ Արարատի ու Նոյեան տապանի սրբութեամբ գօտեպնդուիլ եւ շարունակել մեր քրիստոնէական վկայութիւնը», ըսաւ Սրբազանը եւ բացատրեց, որ Ս. Յակոբ պարզ ճգնաւոր մըն էր եւ իր քրիստոնէական հաւատքին վկայութեամբ դարձաւ Մծբինի եպիսկոպոս եւ այդ հաւատքը ապրեցաւ ոչ թէ որովհետեւ ունեցաւ եպիսկոպոսական աթոռ, այլ որովհետեւ հաւատաց եւ քարոզեց, թէ Նոյեան տապանը աշխարհի փրկութեան խորհրդանիշն է, նաեւ Քրիստոսի աշխարհ գալուստով եւ քարոզութեամբ, հրաշագործութեամբ, խաչելութեամբ եւ յարութեամբ խաչը դարձաւ քրիստոնեաներուն փրկութեան գրաւականը եւ նշանը: Ս. Յակոբ եղաւ իր ժողովուրդին հովիւը, եւ ժողովուրդը զինք սրբացուց:
«Այս է Ս. Յակոբէն եկած պատգամը. այնպէս գործել, այնպէս ապրիլ, այնպէս վկայել, որ մեր պատմութիւնը մեզի համար դառնայ զրահ, մեր ներկան մեզի համար դառնայ սուր եւ մեր ապագան մեզի համար դառնայ վահան, որպէսզի ոչ մէկ երեւելի եւ աներեւոյթ ուժ կարենայ խորտակել մեզ: Այս է խորհրդանիշը խորանին վրայ դրուած Ս. մասունքին», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անդամներուն, որոնք Ս. Յակոբ եկեղեցին իրենց հաւատքով եւ ծառայութեամբ կը դարձնեն կենդանի ներգործութիւն մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ:
Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Ալլըքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան համար, նաեւ երախտագիտութեան խօսք ուղղղեց Սրբազան Հօր, որ հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն, իր հովանաւորութիւնը եւ նախագահութիւնը կը տրամադրէ իրենց ձեռնարկներուն:
Այնուհետեւ տեսերիզի վրայ ներկայացուեցաւ հայորդիներուն լեռնագնացութիւնը դէպի Արարատ լեռ: Յայտնենք, որ ներկայ էին լեռնագնացներէն Պետիկ Գասպարեան, Աննա Քէօմպէճեան, Կասիա Տիմիճեան, Լոռի Եագուպեան եւ Ժաք Պէրպէրեան: Աւարտին Պետիկ Գասպարեան կրկին ելոյթ ունենալով յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց իրենց լեռնագնացութեան մասին:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ ընտանիքը յիշատակելի շաբաթավերջ մը ունեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով` շեշտելով, որ հայ եկեղեցին միայն հոգեւոր-քրիստոնէական կեդրոն չէ, այլեւ` ունի նաեւ ազգային, մշակութային եւ մարդասիրական առաքելութիւն, եւ Ս. Յակոբ եկեղեցին, իր առաքելութիւնը կը շարունակէ այս բոլոր մարզերուն մէջ:
Խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ նկատել տուաւ, որ անուանակոչութիւններու գծով շրջաբերական մը յղած էր եկեղեցիներուն եւ այդ առիթով իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին առաջինը եղած էր իր ըմբռնած ձեւով պատկերացնելու եւ գործադրելու անուանակոչութեան տօնը: «Անուանակոչութիւնը եկեղեցւոյ տօնն է, եւ եկեղեցին այն հաւատացեալներն են, որոնք եկեղեցին եկեղեցի կը դարձնեն` իբրեւ առաքելութիւն: Եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը լուսարձակի տակ պէտք է բերէ եկեղեցին, որ մենք ենք` միասնաբար: Մեզի համար հայ եկեղեցին թէ՛ Աստուծոյ տունն է եւ թէ՛ ազգին տունն է միաժամանակ: Կարելի չէ բաժանման գիծ դնել հայ եկեղեցւոյ մէջ», շեշտեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք ինչ որ կը կատարենք իբրեւ եկեղեցի, ոչ թէ կը կատարենք անուանակոչութեան օրը, այլ ատիկա պսակումը կ՛ըլլայ մեր կատարածին, եւ այդ միջոցով մեր հոգեկան բաւարարութիւնը կ՛արտայայտենք իրարու: Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը այս հասկացողութեան համար եւ մաղթեց, որ աւելի մեծ թիւով անձեր լծուին եկեղեցւոյ ծառայութեան, եւ յառաջիկայ տարի եկեղեցւոյ աւելի մեծցած ընտանիքով հաւաքուինք: Սրբազան Հայրը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արարատ լեռը նուաճած անձերուն, որոնք Արարատ մագլցելու ուխտը նուիրած էին ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ միասնաբար շարունակենք տէր կանգնիլ մեր ազգային, հոգեւոր, մշակութային, ընկերային, քաղաքական բոլոր կառոյցներուն, որովհետեւ այս է հայկական պահանջատիրութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է ամէն բանէ առաջ պահանջատէր ըլլանք մեր անձերուն եւ ապա թուրքին նկատմամբ եւ պէտք չէ` տկարութիւն արձանագրենք:
Սիրոյ սեղանին գեղարուեստական յայտագիրով իր մասնակցութիւնը բերաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Արդարեւ, Մարալ Ադամեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սեպուհ Յովակիմեանի մեկնաբանեց «Գարահիսար» եւ «Պլպուլիկիս» երգերը, Արմիկ Քէրքէզեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սեպուհ Յովակիմեանի մեկնաբանեց «Քեզ համար Հայաստան», «Զարթիր որդեակ» եւ «Բարտիները խշշացին» երգերը, իսկ բոլորը միասնաբար մեկնաբանեցին «Սարդարապատ» եւ «Երեւան Էրէբունի» երգերը: