Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«ԱՆՎՃԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀ 2» ԾՐԱԳԻՐ

Նոր տարուան սեմին, Շաբաթ 26, Երկուշաբթի 28 եւ Երեքշաբթի 29 Դեկտեմբեր 2020-ին, նախկին Ս․ Քառասնից Մանկանց վարժարանի 4 յարկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի կազմակերպած «Անվճար հագուստի աշխարհ 2» ծրագիրը: Երեք օրերու ընթացքին, Բաժանմունքը անվճար կերպով մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրաւ բոլորովին նոր կամ լաւ վիճակի մէջ գտնուող տարբեր տարիքներու վերաբերող հագուստեղէն, կօշիկներ, խաղալիքներ եւ այլ պիտանի իրեր, որոնք անցնող ամիսներուն հաւաքուած էին անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատուութեամբ:
Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին կողքին, ծրագիրին կամաւորաբար օժանդակեցին եւ առողջապահական պայմաններուն հսկեցին Պուրճ Համուտի եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերը եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ոստիկանները։
Յայտնենք, որ նշեալ ծրագիրը առաջին անգամ իրականացուած էր 22-25 սեպտեմբեր 2020-ին, Ս․ Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ