Նախաձեռնութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 29 եւ Երեքշաբթի 30 Մարտ 2021-ին, նախկին Ս․ Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Անվճար հագուստի աշխարհ 3» ծրագիրը, որուն նպատակն է հագուստեղէն եւ այլ օգտաշատ իրեր տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Երկու օրերու ընթացքին ծրագիրին մասնակցեցան 300 անհատներ, որոնք ստացան 2500 իրեր։
Այս առիթով, կեդրոն այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար եւ Ազգային վարչութեան Ընկերային Յանձնախումբի ներկայացուցիչ տիկին Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ մօտէն հետեւելու ծառայողական աշխատանքին։ Յայտնենք, որ ծրագիրի գործնականացման մեծապէս նպաստեցին Պուրճ Համուտի եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերը։