Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Անվճար Ուսման Կարելիութիւն Լիբանանահայ Ազգային Վարժարաններէ Ներս

Այս տարի, իւրայատուկ պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք կրթական տարեմուտը եւ հետեւաբար, քաջածանօթ ըլլալով մեր ծնողներուն դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերուն ու դժուարութիւններուն, Ազգ. Վարչութիւնը վճռեց 2020-2021 կրթական տարեշրջանին, Լիբանանահայ ազգային վարժարաններէն ներս անվճար ուսման կարելիութիւն ստեղծել բոլոր աշակերտներուն համար:

Ուստի, այս առթիւ նախ կոչ կ՛ուղղենք հայ ծնողքին, թելադրելով, որ անպայմանօրէն իրենց զաւակներուն քայլերը ուղղեն դէպի Ազգային Վարժարան, որպէսզի Հայ դպրոցի հարազատ միջավայրին մէջ, անոնց կեանքը կերտուի ազգային շունչով ու արժէքներով:

Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ Հայ դպրոցի բարերարներուն ու բարեկամներուն, յիշեցնելով, որ Հայ դպրոցը կարիքը ունի միահամուր զօրակցութեան ու լայն աջակցութիւններու:

Ներկայ հանգրուանին, հայ  ծնողքն ալ պարտաւոր է վերագնահատելու Հայ դպրոցին հանդէպ իր ունեցած ըմբռնումն ու վերաբերմունքը եւ զգալու, թէ միայն հաւաքական մասնակցութեամբ կարելի է պահել եւ պահպանել մեր ազգային տոկունութեան խարիսխը եղող Հայ դպրոցը: