Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Անցնող Չորս Օրերուն 896 Բնակարաններու Հատուցումներ Տրուեցան

Շաբաթասկիզբին ընթացք առած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աշխատանքները շարունակուեցան հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ:

Անցնող չորս օրերուն նախապէս մարմինին դիմում կատարած ընտանիքներէն 896-ը արդէն իսկ ստացան իբրեւ հատուցում ճշդուած գումարներ: Աշխատանքը տակաւին ընթացքի մէջ է, եւ հատուցման փոխանցման աշխատանքը հանգրուանային դրութեամբ յաջորդող օրերուն պիտի շարունակուի: