Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Աշակերտական Սուրբ Պատարագ Երկու Ազգային Վարժարաններուն Մէջ

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի տնօրինումով եւ հանդիսապետութեամբ, հինգշաբթի, 28  եւ ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ  աշակերտական սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ:

Եղիշէ Մանուկեանի մէջ ս. պատարագը մատուցեց Առաքել քհնյ. Տմտմեանը, իսկ Միացեալ վարժարանին` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը:

Սուրբ պատարագներու աւարտին, Նարեկ սրբազան հոգեւոր պատգամ մը ուղղեց աշակերտութեան` շեշտելով հաւաքական աղօթքին կարեւորութիւնը հայ քրիստոնէական կեանքի հարստացման մէջ: «Այս առաջին սուրբ պատարագներով կու գանք հաստատելու, որ առանց հայ քրիստոնէական ոգիի ջամբումին` հայեցի դաստիարակութիւնը խոցելի կը մնայ: Հայ աշակերտը իր տան նման` պէ՛տք է սիրէ հայ դպրոցը, հայ եկեղեցին եւ հայ ակումբը. որպէս լիբանանահայութիւն` պարտաւոր ենք փոքր տարիքէն կերտել ամբողջական հայը` հայ տան, հայ դպրոցին, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ միութիւններուն գործակցութեամբ: Նախանձախնդիր իր այս առաքելութեան` Ազգային առաջնորդարանը ո՛չ միայն ազգային վարժարաններուն, այլ նաեւ բոլոր հայ առաքելական վարժարաններուն մէջ պատրաստ է սուրբ պատարագի մատուցում կատարելու եւ զանազան նախաձեռնութիւններով հայ քրիստոնէական դիմագիծի երաշխաւորումը ստանձնելու»:

Ապա Առաջնորդ Սրբազանը եւ հոգեւոր հայրեր փոքր խումբերու բաժնուած` աշակերտներուն հետ մտերմօրէն զրուցեցին: