Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Աշխատավարձի Յաւելումներու Օրէնքին Գծով. Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Կրթական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչներու Հաւաք` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հրաւէրով, հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հաւաք` մօտէն հետեւելու աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքի որդեգրման զարգացումներուն եւ հաւաքաբար մտածելու առկայ բազմատեսակ հարցերու լուծումներուն մասին:

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ նշեալ հաւաքին լիբանանահայ  երեք համայնքներու եւ միութենական բոլոր վարժարաններու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը կու գայ հաստատելու, որ աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքը, անոր գործադրութիւնն ու տնտեսական հետեւանքները Լիբանանի կրթական կառոյցներուն համար մտահոգիչ են, եւ այս հարցերէն անմաս չեն կրնար մնալ լիբանանահայ վարժարանները:

Ապա ներկաները քննեցին օրէնքին մանրամասնութիւնները, օրէնքին գործադրութեան մէջ առկայ դժուարութիւնները, լիբանանեան սեփական վարժարաններու կեցուածքները, ինչպէս նաեւ առկայ ընդհանուր մթնոլորտը եւ շեշտեցին, թէ նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է օրը-օրին քայլ պահել արձանագրուող զարգացումներուն հետ, որպէսզի ճիշդ կողմնորոշում կատարուի:

Մասնակիցները նշեցին, որ լիբանանահայ իւրաքանչիւր վարժարան իր կատարելիք քայլերուն գծով իրազեկ պէտք է դարձնէ մնացեալ վարժարանները: Այս բոլորին մէջ, ներկաները հաստատեցին հայ ուսուցիչներու ամբողջական իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը եւ փոխադարձաբար հայ ծնողքի դերակատարութիւնը` համապատասխան գործակցութեամբ անարգել ապահովելու հայ դպրոցի երթի շարունակութիւնը: Տնօրէններն ու կրթական պատասխանատուները անգամ մը եւս արժեւորեցին լիբանանահայ վարժարաններուն ունեցած դերակատարութիւնը ո՛չ միայն գաղութային, այլ նաեւ համահայկական առումով` տրուած ըլլալով, որ մինչեւ այսօր լիբանանահայ վարժարանները կը շարունակեն մնալ սփիւռքին մարդուժ մատակարարող գլխաւոր ամրոցները:

Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ առաջադրուած յաւելումները մեծ թիւով լիբանանեան սեփական դպրոցներու համար տագնապեցնող հիմնախնդիրներ են, եւ լիբանանահայ համայնքապետներն ու գաղութի ղեկավարութիւնը պէտք է համապատասխան լրջութեամբ վերաբերին եւ այս փուլին յաւելեալ ճիգով զօրակցին վարժարաններուն: Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ հայ դպրոցը բազմաթիւ տագնապներ յաղթահարած է եւ այսօր ալ անպայմանօրէն պիտի յաղթահարէ: Մեր վարժարանները մեր կառոյցներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն զօրակցութեամբ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

Աւարտին, հաւաքին բոլոր մասնակիցները օգտաշատ գտան պարբերական դրութեամբ կազմակերպել նմանօրինակ բնոյթի հաւաքներ` միասնաբար քննարկելու հայ դպրոցին դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրները եւ միացեալ ճիգերով որոնելու համապատասխան լուծումներ: