Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Աւագ շաբթուան այդ սուրբ պահուն` Քրիստոսի թաղումին, մեր հոգեւոր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ այն խնամեալ արարքին վրայ, զոր կատարեց Յիսուսի աշակերտներէն Յովսէփ Արեմաթացին` աւելցնելով, որ, երբ նայինք Քրիստոսի կեանքին, պիտի տեսնենք, թէ կը հանդիպինք մարդկայնօրէն անտրամաբանական, սակայն Աստուծոյ կողմէ տնօրինուած այնպիսի դէպքերու շղթայի մը, որուն դիմաց հիացումով կը հաստատենք, որ Յիսուս պարզ մարդ մը չէր, այլ նոյնինքն Աստուածորդին, որ երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ մեր մեղքերուն քաւութեան համար: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ եթէ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութիւնը աւարտէր միայն գերեզմանով, լաւագոյն պարագային պիտի նկատուէր գերմարդ մը, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Քրիստոսի գերեզմանը դարձաւ պատմութեան առարկայ, որովհետեւ, երբ մարդկայնօրէն իւղաբեր կիները գացին խնկելու Յիսուսի մարմինը, հոն միայն աւետաբեր հրեշտակներ տեսան, որովհետեւ Յիսուս չէր սահմանուած գերեզմանին համար, այլ եկած էր մեր երկրաւոր կեանքը երկնաւոր կեանքի փոխելու եւ նոյն խոստումն է, որ այսօր կը փոխանցուի մեզի: Սրբազանը հաստատեց, որ մեզմէ ոեւէ մէկը եթէ ըլլար Յովսէփ Արեմաթացիին տեղ` նոյնը պիտի ընէր: Պիտի երթար Պիղատոսի քով եւ պիտի խնդրէր իր վարդապետին անշնչացած մարմինը եւ երկիւղածութեամբ ու յարգանքով պիտի վարուէր այդ մարմինին հետ, պիտի պատէր զայն մաքուր կտաւով եւ գերեզմանին մէջ պիտի դնէր: Սրբազանը ըսաւ, որ Յովսէփ Արիմաթացին հսկայ ժայռ մըն ալ գլորեց եւ փակեց գերեզմանը, սակայն, հակառակ այս բոլոր մարդկային ուշադրութեան եւ հոգածութեան, ճշմարտուեցաւ Քրիստոսի խօսքը, թէ ինք երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէ եւ այդ յարութեամբ, թէ՛ առաքեալներուն եւ թէ՛ Քրիստոսի բոլոր հետեւորդներուն կեանքը կերպարանափոխուեցաւ:
Ակնարկելով եկեղեցական արարողութեան ընթացքին երգուած շարականին, Նարեկ Արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ երկու բառեր մեր ուշադրութեան առարկայ կը դառնան.
ա) Պարգեւատու բառը: Քրիստոս զանազան շնորհներ կը պարգեւէ մեզի, պարգեւներ կը բաշխէ՛, իսկ ինք Յովսէփ Արէմաթացիի կողմէ` իբրեւ պարգեւ կը խնդրուի: Քրիստոս, որ ամէն բան կու տայ մեզի` կը մեռնի, գերեզման կը դրուի, որպէսզի անգամ մը եւս մեզի ցոյց տայ, թէ մահէն ետք ինք կը շարունակէ մնալ գերագոյն պարգեւատուն մեր բոլորին: Այս պարգեւը մենք պիտի ըմբոշխնենք եւ վայելենք յարութեան առաւօտուն, երբ պիտի անդրադառնանք, թէ Քրիստոս այլեւս գերեզմանին մէջ չէ, այլ` իբրեւ յարուցեալ փրկիչ, կ՛ընկերանայ մեզի եւ մեր կեանքը կը լեցնէ յարութեան աւետիսով:
բ) Կենդանատու բառը: Մէկը, որ կեանք կը պարգեւէ, կեանք կուտայ: Այս աշխարհին վրայ, որքան ալ մեր կեանքը դաժան եւ դժուարութիւններով լեցուն ըլլայ, որքան ալ տեսակ-տեսակ փորձութիւններու եւ բարդութիւններու դիմաց գտնուինք` կեանքը կը մնայ քաղցր եւ կեանքին մէջ մարդ արարածը ամէնէն շատ կեանքը կը փնտռէ, որ դարձեալ Քրիստոս կու տայ մեզի, եւ մանաւանդ գերեզմանէն ետք, եւ մենք եւս կոչուած ենք դառնալու լոյսի եւ յարութեան զաւակները:
«Երբ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք Քրիստոսի գերեզմանին վրայ, խորապէս կ՛անդրադառնանք, որ, հակառակ մեր շարականներուն եւ աղօթքներուն տխրութեան եւ ողբաձայն շեշտին, մեր սրտին մէջ կեանքի ուրախութիւնն է, որ կը թագաւորէ, որովհետեւ առաքեալներէն եւ Յովսէփ Արէմաթացիէն աւելի բախտաւոր ենք աւետարաններու ճամբով գիտակցելու, թէ Քրիստոսի գերեզմանը յարութեան գրաւական է մեր բոլորին համար», շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս` աւելցնելով, որ աշխարհի վրայ չկայ որեւէ թաղում, որ տխրութիւն չպատճառէ, բացի Քրիստոսի թաղումէն, որովհետեւ Քրիստոս յաւիտենական պարգեւատուն եւ կենդանատուն է մեր բոլորին համար, եւ այդ կեանքի պարգեւն է: «Այս վստահութեամբ, այս հաւատքով քալենք Քրիստոսի ետեւէն եւ անդրադառնանք ու շնորհակալութիւն յայտնենք այն բոլոր պարգեւներուն համար, զորս Քրիստոս շնորհած է մեզի անհատապէս եւ հաւաքաբար որպէս հայ քրիստոնեայ ժողովուրդ: Քրիստոսի հետ քալելով մենք միաժամանակ պիտի քալենք մեր սուրբերուն եւ հերոսներուն հետ, որոնք մահը արհամարհեցին եւ գերեզմանէն անդին մեզի տուին հայօրէն յարութիւն առնելու գաղտնիքը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը` նկատել տալով, որ երբ կը նախապատրաստուինք հաւաքաբար մեր ապրիլեան Սուրբ նահատակներուն յիշատակը յարգելու, մենք անգամ մը եւս պարտաւոր ենք մեր այս ընթացքը Քրիստոսի գերեզմանին հետ տանելու մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան եւ ընթանալու մեր Սուրբ նահատակներուն հետ, որոնք իրենք եւս ստացան Քրիստոսի պարգեւները եւ խառնեցին իրենց կեանքին ու անմահութեան կենդանի օրինակներ դարձան մեզի համար: «Այս հաւատքով կը վերանորոգենք Քրիստոսի եւ մեր նահատակներուն հետ ըլլալու մեր ուխտը եւ կը քալենք այս երկրաւոր կեանքէն դէպի յաւիտենական կեանք», եզրափակեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս:
Յետ եկեղեցական արարողութեան, կազմուեցաւ թափօրը, որ, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր եւ ժողովուրդին շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: