Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդական Պատգամ Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ

«Բայց այժմ Քրիստոս իր մարդեղութեամբն ու մահուամբը ձեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ, որպէսզի դուք անոր ներկայանաք մաքուր, անբիծ եւ անարատ» (Կղ 1.22)

Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան,

Մեծ պահքի ապաշխարութեան եւ ինքնասրբագրման քառասնօրեայ շրջանէն եւ Աւագ շաբթուան սուրբ հանգրուաններէն անցնելով` ահա հասած ենք Ս. Զատիկի հրաշափառ տօնախմբութեան:

Փա՜ռք կը վերառաքենք առ Աստուած` այս շնորհաձիր առիթին համար եւ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք յարուցեալ Փրկչին մեզի ընծայած նո՛ր կեանքին վրայ` Պօղոս առաքեալի բանալի ուսուցումներէն մին որպէս առաջնորդող մտածում որդեգրելով:

Հեթանոսաց առաքեալը Կողոսացիներու նամակով իր հաւատացեալ եղբայրներն ու քոյրերը կը յորդորէ հեռու մնալ սխալ վարդապետութիւններ սորվեցնողներէն, որոնք Յիսուս Քրիստոսի փրկիչ ըլլալը կասկածի կ՛ենթարկէին: Ան կը հաստատէ, որ մի միայն Քրիստոսի հետ մեր միութեամբ փրկութեան յոյսը կ՛ունենանք: Առաւել, ան կոչ կ՛ուղղէ Քրիստոսի աստուածութիւնը ուրացողներէն զգուշանալու եւ նոր ապրելակերպով ցոյց տալու, թէ մենք Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ ունեցած մեր յարաբերութիւններով կը զատորոշուինք աշխարհէն ու կը պատկանինք եկեղեցւոյ` Աստուծոյ ժողովուրդին:

Ս. Զատիկի առաւօտուն, երբ հայ եկեղեցիներուն մէջ հաւաքուած Յիսուսի յարութեան աւետիսով կը հրճուինք, Կողոսայի եկեղեցւոյ զաւակներուն նման` Քրիստոսի մեզի պարգեւած հաշտութեան վայելումը կ՛ապրինք կենարար պատարագով եւ սուրբ հաղորդութեամբ, ու հարց կու տանք. «Ինչպիսի՞ Հայ եկեղեցի պիտի դառնանք Քրիստոսի յարութեան ներգործութեամբ»:

Պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր պատգամին բնաբանը «բայց»-ով կը սկսի: Այս «բայց»-ը մեզ կը յղէ նախկին համարին, ուր կը կարդանք. «Դուք ալ ժամանակին Աստուծմէ օտարացած էիք եւ թշնամացած իրեն` ձեր մտածելակերպով ու չար գործերով» (Կղ 1.21): Այս հաստատումը կը վերյիշեցնէ, թէ ի՛նչ էինք Քրիստոսէ առաջ եւ ի՛նչ ենք Քրիստոսով: Քրիստոս Աստուծմէ մեր օտարացումը Իր մարդեղութեամբ եւ մահուամբ վերածեց սրբակենցաղ հաշտութեան: Մարդիկ եւ Աստուած հաշտութիւնը սիրոյ ուխտի կնքումն է: Երբ Աստուած կատարեալ սիրով մեզ Իր զաւակները կը դարձնէ, կը պարտաւորեցնէ, որ մենք այս աստուածային սիրոյն արժանի քրիստոսակեդրոն մաքուր, անբիծ եւ անարատ կեանք ապրինք` Իր սէրը մեր նմաններուն հանդէպ արտայայտելով եւ մահուան իրա՛ւ կեանքով յաղթելով:

Քրիստոսի յարութիւնը գրաւականն է մեր մեղքին վրայ տարած յաղթանակին, որ մեզ այս աշխարհի վրայ սրբութեամբ ապրելու կը հրաւիրէ եւ մեզի յաւիտենական կեանքի անայլայլ վստահութիւնը կը ներշնչէ: Այսպիսո՛վ միայն մենք Քրիստոսի համար կ՛ապրինք թէ՛ երկրաւոր եւ թէ՛ երկնաւոր կեանքին մէջ:

*
*   *

Յիսուս Քրիստոսի յարութեան տօնին առթիւ, որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազանագոյն վեհափառ հայրապետը եւ կը մաղթենք քաջառողջ կեանք եւ ծաղկուն հայրապետութիւն:

Կը շնորհաւորենք Հայ եկեղեցւոյ սրբազան անդաստանին մէջ ծառայող մեր բոլոր միաբանակից ու հոգեւոր եղբայրները, եւ իրենց կը մաղթենք աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր սպասաւորութիւն:

Կը շնորհաւորենք Լիբանանի Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները, մեր քահանայից դասը, Ազգային իշխանութեան եւ մեր ծուխերու մարմինները, լիբանանահայութեան կեանքէն ներս գործող կառոյցները ու մեր ժողովուրդի զաւակները, եւ միջնադարու բանաստեղծ աշուղ Նաղաշ Յովնաթանի (1661-1722) բառերով կը հաստատենք.

«Երբ կու գայ Հայոց Զատիկը պայծառ,
Մեծ աւետիս կու տանք ծերերուն եւ երիտասարդներուն,
Կ՛ըսենք` «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»,
Կեա՜նք մեռածներուն,
Հոգիներու փրկութիւն է Զատիկը հայոց,
Գովե՜նք Զատիկը հայոց»:

Աղօթական ողջունիւ`
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

21 ապրիլ 2019
Պէյրութ – Լիբանան