Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, Թրիփոլիի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր հովիւին, այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ հիւսիսային Լիբանանի տարբեր շրջաններու միւֆթիներ եւ պատասխանատու հոգեւորականներ:
Հանդիպումին ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ազգային Նուպարեան վարժարան իրենց կատարած այցելութեան առիթով այցելած են նաեւ միւֆթի Շաարին, որուն հետ բարեկամութիւն հաստատուած է եւ որ քաղաքին հիմնական հեղինակութիւններէն կը նկատուի:
«Թրիփոլիի հայութիւնը կը նկատէ, որ միւֆթի Շաար մնայուն կերպով զօրակցած է ու կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ իրեն», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը:
Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Թրիփոլիի հայկական վարժարանը կրթական իր առաքելութեամբ բոլորին կը նպաստէ` ուսում ջամբելով անոնց, ինչպէս նաեւ տարածելով սիրոյ, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան պատգամները:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց միւֆթի Շաարին, որ միշտ մասնակից կը դառնայ Թրիփոլիի հայութեան տարբեր ձեռնարկներուն:
Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութեամբ լեցուն տարի մը մաղթեց բոլորին` յոյս յայտնելով, որ սիրոյ, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը շեշտող այս հանդիպումները շարունակուին ու յաճախակի դառնան:
Իր կարգին, միւֆթի Շաար փառք տուաւ Աստուծոյ Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանան հայրենիքի բոլոր զաւակներուն, յատկապէս հոգեւոր պետերուն հետ իրենց ունեցած համերաշխութեան համար:
«Կ՛ողջունեմ իմ եղբօրս` Շահէ եպս. Փանոսեանի այցելութիւնը եւ կը հաստատեմ, որ ան իր տունը կ՛այցելէ: Հոգեւոր հեղինակութիւններու այս հանդիպումները ողջունելի են, որովհետեւ անոնք միացեալ կարգախօսներով է, որ կը հաղորդակցին, սիրոյ եւ միասնականութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը կը շեշտեն, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծեն քաղաքացիին եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն ծառայելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ միւֆթի Շաար:
Շաար բարձր գնահատեց Թրիփոլիի հայկական վարժարանին առաքելութիւնը` հաստատելով, որ ան իր կրթական առաքելութեամբ բոլորին կը նպաստէ:
Միւֆթի Շաար կոչ ուղղեց ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու` շեշտելով, որ հայութիւնը Լիբանանի կառուցուածքին հիմնասիւներէն է:
Յայտնենք, որ նոյն օրը կէսօրին, կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան վարժարանին եւ նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը` ի նպաստ Թրիփոլիի Ազգային վարժարանին:
Ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, կրօնաւորներ եւ հոծ բազմութիւն մը: