Հիւսիսային Լիբանանի ղեկավարներուն կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանի, 4 յունուարին այցելեց Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Ֆրենժիէի հետ տեսակցութիւնը ծանօթացման հանդիպում էր, որ նաեւ եղաւ առիթ մը` քննարկելու երկրին ընկերային եւ քաղաքական խնդիրները:
Քննարկուեցան նաեւ հիւսիսային Լիբանանի քրիստոնեաներուն իրավիճակը եւ քաղաքական ուժերուն ու եկեղեցւոյ միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը նաեւ շեշտելու տարբեր համայնքներուն միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Ներկաները հաստատեցին կառավարութեան մը գոյութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա անհրաժեշտ է երկրին ընկերային ու տնտեսական տագնապները լուծելու:
Առաջնորդ Սրբազանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դարձան Ֆրենժիէի ճաշի հիւրը:
Հայկական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Անկախութեան շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատի, որուն հետ քննարկեց շրջանի հարցերը:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդին կարիքները հոգալ: