Շաբաթ, 20 Փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, ըկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի
Ատենապետ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Սարգիսեանի, այցելեց Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թաղային Խորհուրդին հետ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ միասնաբար քննարկելու տուեալ պայմաններուն հետեւանքով մեր ժողովուրդին ունեցած տեսակաւոր խնդիրներն ու հարցերը ու Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Կարելի լուծումներու ու ծրագիրներու մասին մտածումներու փոխանակումէ ետք, Արբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց շրջանէն ներս տարուող բոլոր աշխատանքները եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային, Ազգային Առաջնորդարանին հետ գործակցաբար, կարելիութիւն ստեղծուի յաւելեալ ճիգով ու աշխատանքով, ամբողջ հիւսիւսային շրջանին մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու կեանքէն ներս հաստատել նոր եռանդ ու կորով։