Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդ Սրբազանը Կ՛ընդունի Շտապ Օգնութեան Գերագոյն Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Երկուշաբթի, 24 օգոստոս 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով ընդհանուր վնասներու արժեւորումը կատարող Լիբանանի շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պատասխանատուներէն զօրավար Քեմիլ Ֆայսալն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներէն Յակոբ Լուսարարեան:

Հաւաքին քննարկուեցան բնակարաններու ու վաճառատուներու կրած վնասներու արժեւորման ու արձանագրութեան ցուցակներու փոխանակման կարելիութիւնները եւ վերականգնումի գործին մէջ համատեղ գործակցութեան եղանակները: Զօրավար Քեմիլ Ֆայսալն ու անոր  ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները առիթ ունեցան տեսնելու կամաւորներու կողմէ անցնող քանի մը օրերուն մեր եկեղեցիներուն մէջ կատարուած վնասներու ցուցակագրումի թղթածրարները եւ յառաջիկային համար խոստացան  Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հետ շարունակել տեղեկութիւններու փոխանակումն ու վերականգնումի մարզին մէջ խոստացան կարելի աջակցութիւնը ընծայել Վերականգնումի մարմինին: