Շաբաթ, 27 Փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան այցելեց Թրիփոլիի Ս․ Հոգեգալուտ Եկեղեցի, ընկերակցութեամբ Թրիփոլիի շրջանի նորանշանակ հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տէր Փառէն Ծ․ Վրդ․ Վարդանեանն ու Թեմի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Սարգիսեան:
Այս առթիւ, Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս Թաղական ԽորհուրդիՆ ներկայացուց Հայր Սուրբը, յիշեցնելով, որ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապէտի տնօրինումով կարելի կը դառնայ շրջանը օժտել հոգեւոր տեսուչով մը: Ան յոյս յայտնեց, որ Առաջնորդարանի, Թաղականութեան եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ սերտ գործակցութեամբ, Հայր Սուրբը շուտով կը լծուի իր աշխատանքին եւ իր ներկայութեամբ, համայնքի կեանքէն ներս կը յառաջանայ նոր եռանդ ու նոր յարաբերութիւններ կը զարգանան հիւսիսային Լիբանանի շրջանէն նրս գտնուող հոգեւոր պետերու ու համայնքային պատասխանատուներու հետ:
Իր կարգին, իրեն վստահուած նոր առաքելութեան համար շնորհակալութեան խօսք արտասանելով, Գերապատիւ Տէր Փառէն Ծ․ Վրդ․ Վարդանեանը յայտնեց, որ ամբողջական պատրաստակամութեամբ կը ստանձնէ Թրիփոլիի շրջանէն ներս իրեն վստահուած առաքելութիւնը եւ պատրաստ է Թաղային Խորհուրդին հետ սերտ գործակցութեամբ մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ժողովուրդի բարօրութեան համար ընելու այն ինչ որ հարկաւոր է եւ անհրաժեշտ:
Նշենք, որ Կիրակի՝ 7 Մարտ 2021-ին, Հայր Սուրբը պիտի մատուցէ իր անդրանիկ Ս․ Պատարագը Թրիփոլիի Ս․ Հոգեգալուտ Եկեղեցւոյ մէջ, ու այնուհետեւ պիտի ձեռնարկէ աշխատանքի։