Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Թեմիս Կիսասարկաւագները

Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, կողքին ունենալով Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, ընդունեց թեմի տասնհինգ կիսասարկաւագները, որոնք 25 դեկտեմբերին սարկաւագ պիտի ձեռնադրուին:

Թեմի Միջդպրաց դասի յանձնախումբի հոգեւոր խորհրդատու Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան կիսասարկաւագները ներկայացուց Սրբազան Հօր:

Նարեկ Արքեպիսկոպոս գնահատեց կիսասարկաւագներու երկար տարիներու ծառայութիւնը թեմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ եւ ընդգծեց, որ երբ եկեղեցին ընծայեալներ ձեռնադրելով նոր պաշտօններ կը շնորհէ անոնց` զանոնք յարաճուն նուիրումի կը հրաւիրէ:

Սրբազան Հայրը օրհնեց կիսասարկաւագները եւ աղօթեց, որ Ս. Հոգիին շնորհներով զարդարուած` անոնք շարունակեն ծառայել Աստուծոյ եւ սուրբ եկեղեցւոյ: