Երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս յաջորդաբար ընդունեց Ազգային Միացեալ վարժարանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւններն ու խնամակալութիւնները:
Աշխատանքային հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ ներկաները քննարկեն մեր վարժարաններուն կրթական-ուսումնական կեանքն ու տնտեսական վիճակը:
Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հայեցի դաստիարակութեան նուիրական առաքելութեան լծուած են եւ մանաւանդ Լիբանանի մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն մէջ իսկ նախանձախնդրութեամբ կը սատարեն հայ նոր սերունդի հայակերտումի ճիգերուն: