Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մօտէն Կը Հետեւի Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութեան Աշխատանքներուն

Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի կեդրոնատեղին` մօտէն հետեւելու լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան աշխատանքներուն: Սրբազան Հօր կ՛ընկերանար Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան:

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան ներկայացուց կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւններու տրամադրման կարգը: Նկատի առնելով պահանջը` ան ըսաւ, որ մեր ակնկալութիւններէն շատ աւելի դիմումներ ստանալուն պատճառով, արդէն իսկ առաջնորդարանէն յաւելեալ պաշտօնեաներ միացած են, որպէսզի փոխանցումները կատարուին աւելի արագ կերպով, եւ գործընթացը ունենայ առաւել հեզասահ ու կազմակերպուած բնոյթ: