Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Աստուածայայտնութիւնը Աստուծոյ Հետ Կնքուած Ներքին Նոր Ուխտ Է» Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդը իր արքայութեան տանելու հրաւէրով` աւելցնելով, որ Աստուած այդ խորհուրդով կը մօտենայ մարդուն, հետեւաբար այդ եղանակով քրիստոնեայ անհատը պէտք է յարաբերի աշխարհ եկող իր Փրկիչին հետ, որ վստահաբար անտեսանելի եւ անշօշափելի է, սակայն իմանալի է, մեր Արարիչն է, որ մեզի կու գայ, որպէսզի յաւիտենական կեանքի ժառանգորդը դարձնէ բոլորս: Հետեւաբար, այսօր, Աստուած մեզի կու գայ` մեր դիմաց բանալու համար աստուածային ոլորտները, որպէսզի ստեղծագործութեան գերագոյն նպատակին համաձայն, կեանքը վերածնի, սրբանայ եւ աստուածային մեծութեան վերադառնայ: Մեր Աստուածը մեզի կու գայ, որպէսզի մարդուն հետ հաղորդակցութիւն հաստատելով, մարդուն ցոյց տայ մէկ եւ միակ կեանքի յստակ ճամբան: Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պէտք է յիշենք, որ քրիստոնէական կեանքի ճամբան կը սկսի հաւատքով, որ Արարիչին կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւն է, եզակի շնորհ մը` նոյնինքն Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն հաստատելու եւ Աստուծոյ հետ կապի մէջ մտնելու համար:

«Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պարտինք անդրադառնալ, որ մեր շուրջ գոյութիւն ունի նաեւ հոգեղէն տիեզերք մը, որ սերտ յարաբերութեան մէջ է մեր աշխարհին հետ: Այդ հոգեւոր տիեզերքն է մեր աշխարհին կեանք տուողը: Արդարեւ, առանց Աստուծոյ հոգիին կեանք չկայ: Առանց Աստուծոյ, մարդ հազիւ թէ մարդկային կրնայ ըլլալ: Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պէտք է զգանք, որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելով եւ անկէ ուժ ու զօրութիւն ստանալով միայն մարդ կրնայ տոկալ կեանքի փորձութիւններուն, ցաւերուն ու տառապանքներուն եւ վեր բարձրանալով նաեւ մօտենալ Աստուծոյ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պէտք է յիշենք նաեւ, որ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար: Հետեւաբար, մարդուն ալ մեծագոյն դժբախտութիւնն է Աստուծմէ դուրս` առանց հոգեւոր գիտակցութեան ապրուած կեանքը: Արդարեւ, Աստուծոյ հետ ըլլալը, Անոր հետ հաղորդակցութիւն հաստատելը մարդուն սրտին մէջ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած հիմնարար ձգտումներ են: Հետեւաբար, մարդը` ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ եւ Աստուծոյ համար ապրելու կոչումով, գիտակցօրէն կամ անգիտակցաբար, շարունակաբար իր Արարիչը կը փնտռէ, որովհետեւ միայն իր Արարիչով կրնայ ինքզինք ըլլալ ու հասկնալ իր գոյութեան նպատակը: Փոխադարձաբար, Աստուած ալ շարունակաբար իր անսահման սիրով կը ձգտի Իրեն տանիլ մարդը: «Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պէտք է յիշենք, որ աստուածայայտնութիւնը Աստուծոյ հետ կնքուած ներքին նոր ուխտ է: Մարդը, որ խորտակած էր իր կեանքը եւ Աստուծոյ հետ խզած իր յարաբերութիւնը, Աստուծոյ յայտնութեան շնորհիւ, դարձեալ առիթ կ՛ունենայ պաշտելու այն Աստուածը, որ գոյաւորեց երկինքն ու երկիրը եւ իր պատկերով ստեղծեց մարդը եւ անոր պատուիրեց  ուրիշ աստուածներ չշինել կեանքին մէջ, այլ սիրել մեր Աստուածը, որ մեր Արարիչն է», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը յայտնեց, որ ներկայ համատարած անկումային պայմաններուն մէջ, հոգիի աչքերով պէտք է տեսնենք մեզի եկող մեր Արարիչը  եւ Իրմով ճշգրտօրէն նշմարենք մեր ճամբան եւ նաեւ նշմարենք մեր ընկերները, կենդանի պահենք իրերօգնութեան ոգին եւ զոհողութեան նոր արարքներով պահպանենք մեր համայնական կեանքի փորձառութիւնը,  պաշտպանենք ու վառ պահենք ազգային մեծ երազներու տեսիլքը եւ իբրեւ համայնք ու ազգային դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն, ստեղծենք նաեւ գեղեցիկ եւ երախտիքի արժանի նոր գործեր: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ 2022 թուականը ըլլայ օրհնաբեր եւ մեր դիմաց բանայ սիրոյ, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան լայն ու պայծառ ուղիներ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք: