Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Արժ. Տ. Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեան Ստացաւ Լանջախաչ Կրելու Արտօնութիւն

Կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Ֆանարի Ս. Մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, Արժ. Տ. Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեանի շնորհուեցաւ լանջախաչ:

Արդարեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի առաջարկութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սրբատառ կոնդակով քահանայ հօր շնորհեց լանջախաչ կրելու արտօնութիւն` առ ի գնահատանք անոր նուիրեալ աշխատանքին:

Առ այդ, Ս. պատարագի աւարտին ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը: Իր սրտի խօսքին մէջ Ֆանարի Ս. Մատրան թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Էլէյճեան վեր առաւ Արժ. Տ. Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեանի տարած աշխատանքը, նուիրումը եւ սէրը Ս. Մատրան հանդէպ, ինչպէս նաեւ հոգածութիւնը Ֆանարին եւ յատկապէս Լէյլաւանի շրջանի բնակիչներուն նկատմամբ:

Աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը շնորհաւորեց քահանայ հայրը:

Այնուհետեւ Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ներկայութեամբ` շրջանի պատասխանատու մարմիններուն, միաւորներուն եւ քահանայ հօր ընտանեկան պարագաներուն: Խաչիկ Էլէյճեան գնահատեց քահանայ հօր աշխատանքը, ազնիւ հոգին, հեզութիւնը եւ պարտաճանաչութիւնը:

«Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան նշեց, որ քահանայ հայրը իր բարոյական նկարագիրով, նուիրումով եւ գործունէութեամբ օրինակելի է շրջանին մէջ:

Աւարտին, Արժ. Տ. Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, թաղականութեան եւ ծուխին` իրենց գնահատանքին համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաւել մեծ թափով ծառայելու շրջանին:

 

Այս առիթով, 14 յունիսին Արժ. Տ. Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեան եւ Ֆանարի Ս. Մատրան թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Էլէյճեան այցելեցին Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին` այս նախաձեռնութեան համար: Սրբազան Հայրը իր կարգին գնահատեց քահանայ հօր ճիգերը` մաղթելով, որ ան յառաջիկային յաւելեալ թափով արձանագրէ նոր նուաճումներ: