Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Արտաքուստ Բարեզարդուած Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Պէտք Է Հաւատքի Արտայայտութեամբ Լսել Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին` Մեր Հոգիներուն Մէջ Արձագանգող Պատգամը» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնին եւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ արտաքուստ բարեզարդման առիթով, անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 16 դեկտեմբերին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք, որուն յաջորդեց ոչխարներու զենում եւ մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն:

Կիրակի, 17 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ժեհթաուի փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Ապա թափօրը, գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր առաջնորդ սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագը: Պատարագի ընթացքին Սրբազանը կատարեց եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած խաչքարերու օրհնութիւն:

Յընթացս սուրբ պատարագի ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ անցեալ շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Յակոբի տօնը, եւ եկեղեցական զանազան արարողութիւններուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան այն բոլոր յատկանիշները, որոնք Ս. Յակոբը մեր ժողովուրդին համար կը դարձնեն սիրելի եւ պաշտելի պատմական դէմք մը` սուրբ ըլլալէ առաջ:

Սրբազան Հայրը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Ս. Յակոբի կենսագրական տուեալները, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած գործունէութիւնը` շեշտելով, որ դարեր ետք տակաւին մեր ժողովուրդը հաւատքով կը շարունակէ իր սրտի բաղձանքները յայտնել Ս. Յակոբին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հաւատքի արտայայտութեամբ լսելու Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին` մեր հոգիներուն մէջ արձագանգող  պատգամը, որպէսզի մեր առօրեային մէջ իր կեանքին օրինակով մենք ալ շարունակենք պայքարիլ բոլոր շեղումներուն դէմ, նաեւ մերօրեայ կեանքի այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք մեզ կը հեռացնեն մեր հաւատքէն եւ կը պարպեն մեր ինքնութենէն: Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ անցեալին մարդիկ աւելի մեծ հաւատքով քայլ կ՛առնէին կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ դժուարութիւններու եւ տագնապներու մէջէն անցած մեր ժողովուրդը հաւատքով վերականգնեց իր կեանքը, հաւատքով տոկաց եւ հաւատքով յաղթանակ տարաւ բոլոր այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք կը սպառնային թէ՛ իր նկարագիրին եւ թէ՛ իր գոյութեան:

Առաջնորդ Սրբազանը հարց տուաւ, թէ ներկայիս բոլորովին կերպարանափոխուած այս աշխարհին մէջ ինչպիսի՞ կեցուածքով կը դիմագրաւենք կեանքի տագնապները, ինչպիսի՞ հաւատքով կը փորձենք տոկալ եւ որքանո՞վ կ՛առնչենք մեր սուրբերը մեր կեանքին, աշխատանքին ու ընթացքին: «Առանց Աստուծոյ սրբութեան դժուար եւ անկարելի է անսայթաք քալել կեանքի ուղիներէն: Բոլորս ալ կը խորտակուինք առանց Աստուծոյ աջակցութեան եւ օժանդակութեան: Մեր զաւակները մեր պաշտպանած արժէքներով կը փորձեն վարել իրենց կեանքը: Անոնք կը հետեւին մեզի, եւ մենք գերագոյն պարտականութիւնը ունինք անոնց ցոյց տալու ուղիղ ճամբան: Ինչո՞ւ մենք չենք պաշտպաներ մեր զաւակները աշխարհէն եկող տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն դիմաց», հարց տուաւ Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը յորդորեց ներկաները ուխտելու, որ Ս. Յակոբի օրինակով իրենք ալ մէկական տիպարներ հանդիսանան իրենց կեանքին մէջ եւ անոր սրբութեան համբաւը տարածեն իրենց շրջապատին մէջ:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Ալլըքեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր, որուն հովանաւորութեամբ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը: Ալլըքեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութեամբ նեցուկ կանգնեցան եկեղեցւոյ եւ սատարեցին տօնախմբութեան կազմակերպման աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ 1923-2017 եկեղեցւոյ պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեանի կողմէ:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանի մշակութային կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեան խօսք առնելով գոհունակութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ներկայ գտնուելուն համար:   Ան վեր առաւ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութիւնը շրջանի ժողովուրդին համար եւ յորդորեց ներկաները իրենց խանդավառութեամբ միշտ ջերմ պահել եկեղեցւոյ մթնոլորտը:

Սրբազան Հայրը իր կարգին գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւին եւ թաղականութեան տարած աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին մէկտեղուելու եկեղեցւոյ շուրջ ու շարունակելու անոր առաքելութիւնը:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ մեկնաբանեց ազգային, հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերու փունջ մը: