Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն, զոր կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Ոտնլուայի արարողութեամբ Քրիստոս իբրեւ սիրոյ պատուիրան թելադրեց իր աշակերտներուն, որ իրարու հետ նոյն ձեւով վարուին, իրար ոտքերը լուան եւ աշխարհին մէջ զիրար սիրեն, յարգեն եւ պատուեն, որպէսզի աշխարհ զիրենք ճանչնայ իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ: «Քրիստոնէական կրօնը գիտութիւն չէ պարզ հասկացողութեամբ: Այս բոլորը գիտնալը բաւարար չէ: Քրիստոնեան պէտք է այս բոլորը գործադրէ: Իր արտայայտութիւններուն ընդմէջէն նոր կեանք տայ Քրիստոսին, որ խոնարհութեան իբրեւ գերագոյն արտայայտութիւն, երկինքէն երկիր իջաւ, որպէսզի մարդուն ծառայէ» հաստատեց Սրբազան Հայրը` նկատել տալով, որ Ոտնլուայի կարգի արարողութիւնը կը կատարենք ոչ թէ պարզապէս աւանդութիւն մը յարգելու հասկացողութեամբ, այլ որպէսզի մեր մէջ քրիստոնէական սիրոյ հասկացողութիւնը վերակենդանացնենք, այնպէս ինչպէս զայն Յիսուս Քրիստոս մեզի կը յանձնարարէ: Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ Տէրը կը պատգամէր զիրար սիրել եւ այդ պատգամով յիշեցուցած կ՛ըլլար, որ կեանքին մէջ իրարօգնութեամբ զիրար բարձրացնելով պարտինք ապրիլ, նաեւ ան բոլոր ժամանակներուն սիրոյ պատուէրը կը փոխանցէր համայն մարդկութեան: Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան ըսաւ, թէ սիրոյ պատուէրը գերագոյնն է Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած բոլոր պատուիրաններուն` աւելցնելով, որ սիրոյ մէջ բոլոր հարցերը կը լուծուին ու կը վերանան եւ սիրով պարուրուած բոլորս կը մեծնանք, դառնալով Աստուծոյ ճշմարիտ զաւակները երկինքի մէջ ժառանգելով անմահական եւ յաւիտենական այն բոլոր պարգեւները, որոնք Աստուած կը խոստանայ իր բոլոր զաւակներուն հաւասարապէս: «Քրիստոս իր սիրոյ պատգամով այսօր մեզի կը թելադրէ խոնարհիլ, սիրով վերաբերիլ, եղբայրաբար կիսել կեանքը, որպէսզի մեր երկրաւոր կեանքի պայմանները իսկապէս մեզ առաջնորդեն յաւիտենականութեան, փառաւորելու համար զԱստուած», եզրափակեց Սրբազան Հայրը:
Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը կատարեց Ոտնլուայի կարգը: