Հինգշաբթի, 13 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ լուաց 12 դպիրներու ոտքերը:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոս իր աշակերտներուն համար կազմակերպեց վերջին ընթրիքը, որուն ընթացքին իր սէրը գործնականօրէն արտայայտելու համար Ան խոնարհեցաւ եւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, նաեւ յորդորեց աշակերտները, որ իր օրինակին հետեւելով իրենք եւս զիրար սիրեն եւ իրարու ոտքերը լուան:
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Ոտնլուայի սրբազան արարողութեան ընդմէջէն կը յիշենք եւ կը վերապրինք այն պահը, որ Քրիստոս ապրեցաւ իր հարազատներուն` աշակերտներուն հետ` աւելցնելով, որ հին ժամանակ աւանդութիւն դարձած էր, որ երբ հեռաւոր շրջանէ ճամբորդ մը գար, տանտիկինը իբրեւ յարգանքի ու սիրոյ արտայայտութիւն անոր ոտքերը կը լուար: «Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով գերագոյն սիրոյ օրինակը պատգամեց մեզի», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բացատրեց, որ Քրիստոս այս արարքով մեզի ըսաւ` զիրար սիրեցէք, եւ ձեր սէրը այնքան մեծ ու անկեղծ թող ըլլայ, որ քաջութեամբ իրար ոտքերը լուաք, եւ ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ աստուածային սրբութիւնները մեզմով կը յարատեւեն եւ պէտք է զանոնք ներառենք մեր առօրեային մէջ:
«Կ՛աղօթեմ, որ Աստուած ձեր մէջ աճեցնէ սիրոյ հասկացողութիւնը, հաստատէ ամուր հաւատք մը, որ կասկած չի ճանչնար, հաւատք, որ Աստուծոյ վստահութեան մէջ կ՛աճի, հաւատք, որ այս աշխարհի սահմաններէն անդին ցոյց կու տայ անմահութեան ուրուագիծը, հաւատք, որ անշեղ է Քրիստոսի հաւատքին նման, հաւատք, որ մեզ կ՛առնչէ Աստուծոյ կեանքին եւ մեզ կը դարձնէ արժանի ընդմիշտ փառաւորելու զինք», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: