Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Աւագ Ուրբաթը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւագ ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ  Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Յիսուսի թաղումը տեղի ունեցած է բոլորովին անշուք պայմաններու մէջ, նաեւ գաղտագողի կերպով, որովհետեւ վերջին րոպէներուն ցրուած էին իր աշակերտները: Հրեաներուն եւ հռոմէացիներուն պատճառով սարսափի մատնուած իրմէ հեռացած էին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք իր քարոզչութեան ընթացքին կը հետեւէին իր քայլերուն: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Յիսուսի թաղման ընթացքին պատահած դէպքերուն` շեշտելով, որ Յիսուսի աշակերտները եւ հետեւորդները ներկայ չէին Անոր թաղման, այլ` իրեն գաղտնաբար հետեւող Յովսէփ Արեմաթացին հոն էր, որպէսզի կազմակերպէր իր թաղումը: «Դարեր ետք մենք հաւաքուած ենք իրեն շռայլելու այն, ինչ որ զլացուեցաւ իրեն իր թաղման պահուն, փոխարինելու իր հաւատարիմ հետեւորդներն ու սիրելիները, որոնք վերջին րոպէին զինք առանձին թողուցին, նաեւ իրեն ընծայելու այն յարգանքը, որուն չարժանացաւ», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ չենք հաւաքուած իբրեւ սգակիրներ, այլ` իբրեւ իր յաղթական երթին մասնակից ժողովուրդ, որ գիտէ եւ կը հաւատայ, որ Աստուած գերեզմանին մէջ մնալու համար չթաղուեցաւ, այլ` գերեզման մուտք գործեց, որպէսզի անով մեր դիմաց բանայ յարութեան ճամբաները: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը քրիստոնէական իր նկարագիրէն քաղեց բարոյականութիւն, որուն միջոցով տոկաց եւ ապրեցաւ ինքզինք կերտելով, եւ նոյնիսկ օտարութեան պայմաններուն մէջ հաւատարմօրէն հետեւեցաւ Քրիստոսի աւանդած ճշմարիտ արժէքներուն, որոնք կը շարունակեն ամրութիւն տալ մեր կեանքին:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ այս առիթով պիտի կազմենք թափօր եւ քայլարշաւով պիտի առաջնորդուինք մեր միջավայրին մէջ հռչակելու համար, թէ երկրաւոր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ մենք յանձն կ՛առնենք անձնական օրինակով տարածել սրբազան այն բոլոր արժէքները, որոնք մեզի կ՛աւանդուին Քրիստոսի կողմէ: Թափօր կազմած կը պատրաստուինք հռչակելու, թէ մենք մեր սեփական կեանքին օրինակով տէր կը կանգնինք բոլոր այն աւանդներուն, որոնք Քրիստոսի եւ մեր եկեղեցւոյ կողմէ կը յանձնուին մեզի` իբրեւ իր հաւատաւոր հետեւորդները: Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մենք առաւել կեանք ունենանք, եւ ասիկա մեզի փոխանցեց, որպէսզի ո՛չ միայն մենք, այլեւ` գալիք սերունդները եւս ապրին համաձայն մեր քրիստոնէական հաւատալիքներուն, ազգային առողջ կեցուածքներուն, նաեւ ապրին համաձայն մեր ժողովուրդի իտէալներուն, երազներուն եւ հաւատարմութեամբ` իրենց եկեղեցւոյ հաւատքին եւ հայրենական հաւատալիքներուն նկատմամբ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը ըլլալու հաւատարիմ, սեփական արարքներով ապրելու իրենց հաւատքը եւ զայն տարածելու մեր ապրած միջավայրին մէջ, որպէսզի բարոյապէս տոկուն ու ամուր մնան եւ ապրին արժէքներով ու յարատեւեն:

Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասին, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին, շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: