Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Աւելի Քան 50.000 Ամերիկեան Տոլար Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տարեկան Կալա-Ընթրիքին

Ուրբաթ, 21 յունիսի երեկոյեան Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճը իր շուրջ համախմբեց հայ վարժարանին հաւատացող բարերարներ եւ բարեկամներ, որոնք ընդառաջելով խնամակալութեան ու տնօրէն խորհուրդի հրաւէրին` ներկայ գտնուեցան վարժարանի տարեկան կալա-ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ «Le Royal» պանդոկի «Azurea» սրահին մէջ:

Ընթրիքին ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ  Ազգային վարչութեան ատենապետներ` Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Րաֆֆի Սիսլեան, Ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի եւ Տըպպայէի քաղաքապետներուն ներկայացուցիչները, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի խնամակալութեան անդամներ, ուսուցիչներ, շրջանաւարտներ, տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:

Ընթրիքին բացումը կատարեց քոլեճի շրջանաւարտ Քրիստ Իսկենտերեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Անանիա վարդապետը` աղօթքով սկսելու եւ օրհնելու ընթրիքի երեկոն:

Ապա ցուցադրուեցաւ վարժարանին մասին պատրաստուած տեսերիզ մը, որմէ ետք տնօրէն խորհուրդի խօսքը արտասանեց Անի Բագրատունի, որ առաջին հերթին ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ընդառաջած են հրաւէրին, ապա անդրադարձաւ տեսերիզին` դիտել տալով, թէ գեղեցիկ շէնքերն ու դասարանները չեն, որ դպրոցը դպրոց կը դարձնեն, որովհետեւ անոր բաբախող սիրտը աշակերտներն են, որոնց ներկայութեամբ է միայն,  որ վարժարանին քարերը շունչ կ՛առնեն ու կը կենդանանան: Անդրադառնալով վարժարանին առաքելութեան ու դերակատարութեան` Ա. Բագրատունի նշեց, թէ անիկա մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց է: Ապա ամփոփ կերպով ներկայացուց այս տարուան ընթացքին տեղի ունեցած վերանորոգման աշխատանքներն ու գործադրուած ծրագիրները: Ան բացատրեց, որ Լիբանանի տնտեսական ծանր տագնապը կը ճնշէ նաեւ վարժարանին վրայ, որուն աշակերտներուն ընտանիքներուն մեծ մասը կը դիմագրաւէ նիւթական դժուարութիւններ: Իր խօսքի աւարտին Անի Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր բարերարներուն, հաստատութիւններուն  եւ միութիւններուն, որոնք օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն քոլեճին, նեցուկ կը կանգնին անոր, եւ որոնք, հաւատալով հայ վարժարանին առաքելութեան, կը շարունակեն զօրավիգ դառնալ անոր:

Խնամակալութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Յովիկ Կէօզիւպէօյիքեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ` տնօրէն խորհուրդին, որ ամբողջ տարուան ընթացքին ճիգ չխնայեց վարժարանին կրթական եւ ազգային վերելքը ապահովելու համար:

Ընթրիքի երեկոն իր աւարտին հասաւ Անանիա վարդապետի սրտի խօսքով: Ան խօսեցաւ ազգային վարժարանի կարեւորութեան մասին` շեշտելով, որ անիկա չի նմանիր այլ դպրոցներու, որովհետեւ միայն կրթութիւն եւ ուսում չէ, որ կը ջամբէ, այլ ունի ազգային դիմագիծ կերտելու դերակատարութիւն: Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ բոլոր բարերարներուն, որոնք գիտակցելով այս վարժարանին կարեւորութեան` եկած են իրենց աջակցութիւնը բերելու:

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ ջութակահար Յովիկ Գարախանեանը:

Ընթրիքի երեկոյին ընթացքին եղան նուիրատուութիւններ, որոնց գումարը հասաւ աւելի քան 50.000 ամերիկեան տոլարի: