Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առթիւ, Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2021-էն Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց Մատրան առջեւ, բացօթեայ պայմաններով, ամէն երեկոյեան ժամը 6։30-ին, տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ հոգեւոր խորհրդածութիւն.-
Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին
Աղօթքի շաբթուան բացում, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս քահանայից դասուն։
Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին
Խոհրդածութեան Նիւթ՝ «Յարատեւ աղօթքը սնունդ հոգիին»: Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ. Տէր Սարգիս Ա. Քհն. Սարգիսեան
Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին
Խոհրդածութեան Նիւթ՝ «Քրիստոնեայ Հաւատացեալը»: Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ. Տէր Շնորհք Քհն. Տէր Արթինեան
Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին
Խոհրդածութեան Նիւթ՝ «Սրբոց Բարեխօսութիւնը»: Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ. Տէր Սամուէլ Քհն. Աճէմեան
Ուրբաթ, 28 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին
Խոհրդածութեան Նիւթ՝ «Հռիփսիմեանց Կոյսերու ճանապարհով»: Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Պզտիկեան
Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին ՍՈՒՐԲ եւ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՋՐՕՐՀՆԷՔ եւ ԽՈՒՆԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս քահանայից դասուն
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը
մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց։
ԾԱՆՕԹ: Կը խնդրուի ըլլալ զգուշ եւ յարգել առողջապահական բոլոր պայմանները։