Հաւատարիմ մնալով հայկական աւանդութիւններուն եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, ուրբաթ, 28 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-7:00 Ազգային Միացեալ վարժարանը իր յարկին տակ նշեց Բարեկենդանի տօնը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ «Լաւագոյն ծպտուող»-ի մրցանք:
Դատական կազմի անդամներն էին` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ եւ «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան, մանկական եւ ընտանեկան լուսանկարչութեան մասնագէտ եւ «Mini Models» լուսանկարչական արուեստանոցին սեփականատէր Քարլա Աւետիսեան եւ լիբանանահայ արուեստագէտ, գծագրիչ, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ուսուցիչ Հրանդ Գալեմքէրեան:
Օրուան հանդիսավարը` վարժարանի հայերէնի համակարգող եւ դասատուն` Մատլեն Վարդանեան, Բարեկենդանի կրօնական եւ աւանդական խորհուրդը ներկայացնելէ ետք, անդրադարձաւ նաեւ Բարեկենդանի տիկնիկը համարուող «Ակլատիս»-ի խորհրդանշական իմաստին: Ապա բեմ հրաւիրեց մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի Ա. Բ. Գ. եւ Դ. դասարաններու փոքրերը, որոնք խմբակ առ խմբակ ներկայանալով` ցուցադրեցին իրենց ծպտուած կերպարները, խօսեցան իրենց մարմնաւորած անձնաւորութիւններուն մասին:
Ցուցադրութենէն ետք երկրորդականի աղջիկները մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները հրաւիրեցին քոչարի պարին եւ միասնաբար կատարեցին խմբային պար մը, որուն յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւնը:
Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խմբակէ ընտրուեցան երեք մրցանակակիրներ` Ա. Բ. Գ. հանդիսացողներ եւ երկու բացառիկ մրցանակակիրներ, որուն արժանացան հայկական նուռի վերածուած եւ Վարդան Մամիկոնեանը մարմնաւորող փոքրիկները:
Յատկանշական էին նաեւ Քարլա Աւետիսեանի կողմէ տրամադրուած երկու այլ մրցանակներ` «Mini Models»-ի լուսանկարչատան մէջ ձրի լուսանկարուելու առիթ` իրենց ծպտուած տիպարներուն թեմայով: Այս մրցանակին արժանացան մեղուի փեթակը ներկայացնող մանուկն ու Cotton candy երկուորեակ քոյրերը:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վեքիլեան, շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ գնահատեց դատական կազմը, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրած էին դպրոցին եւ աշակերտներուն:
Աւարտին բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան պրիոշներով, իսկ բոլոր փոքրիկները ստացան գունաւոր գլխարկներ` լի շաքարներով, կրկնեփուկներով եւ տուրմերով: