Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը Կը Ստանձնէ Լիբանանահայ 13 Ուսանողներու Հայաստանի Մէջ Ուսման Ծախսերը

 

Այսու կը տեղեկացնենք, թէ տարի մը առաջ կատարուած խոստումին համաձայն, «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամը ստանձնած է լիբանանահայ 13 ուսանողներու Հայաստանի մէջ ուսման ծախսերը:

Արդարեւ, լիբանանահայ վարժարաններէ աւելի քան երկու տասնեակ ուսանողներ անցնող ամիսներուն դիմեցին Ազգային առաջնորդարանի Հայաստանի մէջ ուսման կրթական ֆոնտի վարչութեան, որ դիմումնագիրներու ուսումնասիրութենէն եւ թեկնածուներու հետ հանդիպումներէն ետք, որոշեց ընդունիլ իր կանոնագրութեան անհրաժեշտ պայմանները ամբողջացնող 13 պարագաներու դիմումները:

Այնուհետեւ, ընդունուած ուսանողները ֆոնտին յանձնարարական նամակներով մեկնեցան Հայաստան եւ համալսարան մուտքի իրենց քննութիւնները յաջողութեամբ կատարելէ ետք, այժմ լծուած են արդէն համալսարանական իրենց կեանքին:

Լիբանանահայ երկրորդական եօթը վարժարաններէ ընտրուած 13 ուսանողները այսօր բարձրագոյն իրենց կրթութիւնը կը ստանան հայրենի չորս համալսարաններու մէջ` Երեւանի պետական Համալսարան, Երկրագործական համալսարան, Բազմարուեստից (Փոլիթեքնիք) համալսարան եւ Հայաստանի եւրոպական համալսարան, քաղաքագիտութեան, արհեստագիտութեան, երկրագործութեան, բժշկական եւ կենսոլորտային մասնագիտութիւններով:

Հայրենի գործարար Գագիկ Ծառուկեան անցնող շաբաթ անձամբ ընդունեց լիբանանահայ համալսարանականները եւ խրախուսական խօսքերով յաջողութիւն մաղթեց անոնց կրթական ծրագիրներուն: Միաժամանակ, Ծառուկեան իր գլխաւորած հիմնադրամին անունով վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` տարեկան 20 լիբանանահայ ուսանողի Հայաստանի մէջ ուսման ծախսերը հոգալու:

Այս առիթով, ջերմօրէն կը գնահատենք «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամին պատասխանատուները եւ Հայաստանի կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան արտաքին վարչութեան բաժինի վարչութեան վարիչները, որոնք կարելի բոլոր դիւրութիւնները ընծայեցին լիբանանահայ ուսանողներուն` համալսարանական իրենց կրթութիւնը Հայաստանի մէջ ստանալու եւ լիբանանահայ ուսանողութեան հայրենիքի հետ կապը ամրապնդելու համար:

Հայաստանի մէջ ուսանելու լիբանանահայ մեծաթիւ ուսանողներու այս քայլը կը խթանէ նորահաս սերունդին կապուածութիւնը մայր հայրենիքին եւ կը նպաստէ Հայաստան-սփիւռք կրթական առողջ եւ ամուր գործակցութեան հաստատման:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՍՄԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏ