Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, Ազգային առաջնորդարանի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

Քաղաքապետի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք Սրբազան Հօր ըսաւ, թէ սրբազանին օրհնութեան կարիք ունին, որպէսզի քաղաքապետարանի աշխատանքները առաւել եւս յաջող ու առողջ ըլլան, եւ իրենք կարենան ժողովուրդին առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ եւ լաւագոյնս գործել: Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքապետարանը միշտ նեցուկ կը կանգնի շրջանին մէջ գտնուող վարժարաններուն ու մասնաւորաբար Ազգային վարժարաններուն, եւ առաւելագոյնը ի սպաս կը դնէ անոնց համար: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է գործակցութեան դռները լայն բանալ եւ առանց տատամսելու, դժուարանալու եւ միջոց խնայելու` օգտակար դառնալ ժողովուրդին:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին անունով Ճորճ Գրիգորեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք սրբազան հօր նկատել տուաւ, որ իրենց համոզումով Պուրճ Համուտը սոսկ հայաբնակ քաղաք չէ, այլ` հայակերտ քաղաք է: «Այս շրջանը ճահիճ եւ քանի մը պարտէզ էր, եւ եթէ ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մեծ հայրերը չըլլային, այս շրջանը պիտի չվերածուէր Լիբանանի ամէնէն շէն եւ ամէնէն բարգաւաճ քաղաքներէն մէկուն», հաստատեց Ճ. Գրիգորեան` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտը ունի յատուկ ինքնութիւն եւ դիմագիծ, որոնց պահպանումը մեր բոլորին պարտականութիւնն է: Ան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը երկու առաքելութիւն ճշդած է. ա) Ծառայել շրջանի բարգաւաճման, բարելաւման, բարեզարդման եւ բարեկարգման, բ) Ծառայել շրջանի բնակչութեան, հասնիլ անոնց կարիքներուն, այլ խօսքով` մտաւոր, երիտասարդական, մշակութային եւ հոգեւոր կառոյցներուն նեցուկ կանգնիլ: Գրիգորեան հաստատեց, որ ցարդ այս քաղաքապետութիւնը իր պարտականութիւններուն մէջ թերացում չէ արձանագրած` յոյս յայտնելով եւ մաղթելով, որ սրբազան հայրը չի զլանար իր աջակցութիւնը ի սպաս դնելու, որպէսզի նոյն թափով շարունակուի աշխատանքը, եւ արդարացուին քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին վրայ դրուած յոյսերը:

Սրբազան Հայրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` հաստատելով, որ իր առաջնորդ ընտրուելէն ետք քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին տուած շնորհաւորական այցելութենէն անջատ կապի մէջ մնացած են քաղաքապետին հետ, եւ առաջին օրէն իսկ իրենց յարաբերութիւնը եղած է մտերմիկ եւ գործնական: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց քաղաքապետարանի գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ քաղաքապետարանը, եկեղեցին, առաջնորդարանը եւ շրջանի բոլոր կառոյցները հարազատ տուն են իրեն համար, որովհետեւ ինք ժամանակին ապրած է այս շրջանին մէջ: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ ոչ միայն անցեալին, այլ նաեւ այսօր եւս իրենք կ՛ապրին Պուրճ Համուտի մէջ` նկատի ունենալով, որ «պատմական Ազգային առաջնորդարանը կը գտնուի Պէյրութ, սակայն գործնական  պատճառներով ներկայիս կը ծառայենք մեր ժողովուրդին եւ կ՛ապրինք Պուրճ Համուտի մէջ եւ ամէն օր կը վայելենք Պուրճ Համուտի քաղաքապետին եւ քաղաքապետարանին հովանաւորութիւնը, որովհետեւ 24 ժամուան տեւողութեամբ ոստիկանները առաջնորդարան են հսկողութեան իմաստով»:

«Ինչ որ մենք կը կատարենք իբրեւ առաջնորդարան, ինչ որ քաղաքապետարանը կը կատարէ եւ ինչ որ մեր բոլոր կառոյցները կը կատարեն կարելի է սահմանել մէկ բառով` հայապահպանում», շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս` աւելցնելով, որ ճիշդ է որ Պուրճ Համուտը միայն հայերուն չի պատկանիր, այլ` զանազան համայնքներու պատկանող լիբանանցիներ կ՛ապրին շրջանին մէջ, սակայն մեր պարագային լիբանանցիութիւնը եւ հայապահպանումը իրարու հետ զուգորդուած են: «Մենք լիբանանահայ քաղաքացիներ ենք, եւ այդ է մեր իւրայատկութիւնը: Այս իմաստով ինչ որ կը կատարուի հոս` մարդու, քաղաքացիի, պուրճհամուտցիի պատասխանատուութեան հետ զուգահեռ անբաժանելիօրէն նաեւ հայապահպանութեան աշխատանք է», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ բնականօրէն ոչ միայն վերացական գետնի վրայ, այլ նաեւ գործնական գետնի վրայ արդէն կը գործակցինք իրարու հետ: Լռելեայն կը գործակցինք եւ ծրագիրներ կը մշակենք: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ որեւէ առիթով, երբ հանդիպում ունենայ քաղաքապետին հետ, կը խօսին իրենց յաջողութիւններուն, ծրագիրներուն, մարտահրաւէրներուն եւ տագնապներուն մասին` աւելցնելով, որ արդէն իսկ կարգ մը ծրագիրներ ընթացք առած են, որովհետեւ քաղաքապետը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է քաղաքապետարանին ճամբով օգտակար ըլլալու առաջնորդարանին, որուն համար ալ սրբազանը կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ օրհնելով քաղաքապետութեան կատարած աշխատանքը յաջողութիւն մաղթեց քաղաքապետարանի բոլոր պաշտօնեաներուն` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը մեր հաւաքական հայելին է, եւ ինչ որ հոն կը կատարուի, իր արձագանգը կը գտնէ լիբանանեան իրականութեան մէջ, ինչ որ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը պարգեւէ մեզի: «Այդ ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը գործակցաբար արտայայտելու յանձնառութիւնը կը բերեմ ձեզի Ազգային առաջնորդարանին անունով: Նոյն նպատակին եւ ծառայութեան համար կանք բոլորս: Եթէ միասնաբար գործակցինք, ամէն բան աւելի արդիւնալից եւ պտղալից կը դառնայ», եզրափակեց Սրբազան Հայրը: