Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Երեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան  քոլեճի մեծ ընտանիքը հաճոյքը ունեցաւ ընդունելու այցելութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի:

Աշակերտութիւն եւ ուսուցչական կազմ «Սիրան Մանուկեան»  սրահին մէջ դիմաւորեցին Սրբազան Հայրը, որուն կ՛ընկերակցէին վարժարանի տնօրէն-խորհուրդի անդամներն ու խնամակալութեան ատենապետը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԺԲ. կարգի աշակերտ Ռուբէն Էվինկիւլեանը, որ ըսաւ. «Սրտի անհուն ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ բարի գալուստ կը մաղթենք ձեզի, սրբազա՛ն հայր, եւ կը յիշենք վերամուտի առիթով ձեր յղած պատգամը` զոհողութեան եւ աշխատասիրութեան մասին»: Ռ. Էվինկիւլեանը աշակերտութեան անունով խոստացաւ գործադրել սրբազան հօր պատգամը` դառնալու աշխատասէր, գիտակից ու նուիրեալ անձեր:

Քոլեճի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը` իրենց ուրախութիւնը արտայայտելու Սրբազան Հօր այցելութեան համար: ԺԱ. կարգէն Բալենի Ստեփանեանը ասմունքեց Գառնիկ Աթթարեանի «Հայաստան» քերթուածը: Ապա նախակրթարանի երգչախումբը ներկայացուց ազգային-հայրենասիրական երգերու շարան մը` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի: Գեղեցիկ ու տպաւորիչ երգեցողութենէն ետք բեմ բարձրացաւ Թ. դասարանէն Անասթազիա Մկրտիչեանը, որ ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն» կտորը: Դ. դասարանի աշակերտներն ալ յայտագիրը ճոխացուցին ու ներկաները խանդավառեցին «Նինօ» պարով:

Տնօրէն-խորհուրդին խօսքը արտասանեց Անի Բագրատունին, որ բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին: Ան աշակերտներուն յիշեցուց, որ Լիբանանի թեմի առաջնորդներուն տարիներու սովորութիւնն է վերամուտի առիթով այցելել ազգային վարժարաններ` իրենց օրհնութիւնը տալու աշակերտներուն: Բագրատունի դիտել տուաւ, որ հարիւր տարի առաջ բռնագաղթի ենթարկուած եւ Լիբանան հասած հայ ժողովուրդի զաւակներուն առաջին գործը եղաւ կառուցել եկեղեցի ու դպրոց, որովհետեւ անոնք քաջ կը գիտակցէին, որ հայրենի հողէն դուրս ապրող հայուն գոյատեւման ամուր կռուանները այդ երկու կառոյցներն են: Ան աւելցուց. «Հայ դպրոցն ու եկեղեցին կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` շնորհիւ այն մարդոց, որոնք հեռատեսութիւնը ունեցած էին եկեղեցի ու դպրոց կառուցելու»: Բագրատունի ըսաւ նաեւ, որ այս քոլեճն ալ ճիգ պիտի չխնայէ լաւ հայեր պատրաստելու:

Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս՝ յղելու համար իր պատգամը: «Շնորհակալ եմ ձեր նուէրին` երգին, պարին ու ասմունքին, որոնք յիշեցուցին դպրոցական օրերս», ըսաւ Սրբազան Հայրն ու աւելցուց. «Հայ դպրոցը ընդհանրապէս եւ ազգային վարժարանը յատկապէս թէ՛ մեր եկեղեցին է, թէ՛ մեր ընտանիքը, թէ՛ մեր ակումբը եւ թէ՛ մեր հայրենիքն է, որովհետեւ որպէս հայ եւ լիբանանահայ` կը պատկանինք նո՛յն հաւատքին, նո՛յն մշակոյթին եւ նո՛յն հայրենիքին»: Ան ըսաւ նաեւ, որ հայ աշակերտը հայ դպրոցը կը  նկատէ իր հարազատ տունը: «Վերամուտի սեմին ուրախացայ` տեսնելով ձեր ուրախ դէմքերը, միշտ այսպէս ուրախ եկէք դպրոց, որովհետեւ միայն ուրախութեամբ կրնաք տիպար աշակերտ դառնալ: Հայ դպրոցէն ներս է, որ կը հաղորդուիք մե՛ր պատմութեամբ, մե՛ր մշակոյթով, մե՛ր արժէքներով: Հայ դպրոցին մէջ հայօրէն կը դաստիարակուիք եւ կը կերտուիք ու հայութեան ծառայելու ամէնէն վաւերական դասը կը ստանաք», դիտել տուաւ ան: Իր խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ վերամուտը ուրախութեամբ, հպարտութեամբ  ու աշխատասիրութեամբ սկսին աշակերտները:

Սրբազան Հօր հետ աշակերտներուն հանդիպումը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով: