Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին  Գիւտ Խաչի տօնն էր: Առ այդ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի կողմէ, եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ,  որ հոգեւոր առիթը կրկնակի է, որովհետեւ, նախ որպէս առաքելական եկեղեցի կը տօնենք Քրիստոսի խաչի գիւտին յիշատակը եւ երկրորդ միաժամանակ կը տօնախմբենք  Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Ան ըսաւ, որ այս տօնը առիթ է, որ մենք անդրադառնանք, թէ Քրիստոս իր խաչով մահուան պատճառ եղած ծառը փոխարինեց կեանքի փայտով եւ այդ մէկը կը պարտաւորէ մեզ, որ, իբրեւ խաչին հաւատացող եւ խաչը կրող քրիստոնեաներ, նոյնինքն խաչին ընդմէջէն երկրպագենք խաչեալին: Սրբազանը յայտնեց, որ 312 թուականին քրիստոնէութիւնը հռոմէական կայսրութեան մէջ արտօնելի կրօններէն մէկը դարձաւ եւ պատմական ակնարկ մը կատարեց 327 թուականին, Հեղինէ թագուհիին նախաձեռնութեամբ, Քրիստոսի խաչափայտին գտնուելուն: «Երբ մեղքը կը փորձէ թափանցել մեր կեանքէն ներս եւ կը տիրապետէ մեր անձերուն, Աստուած իր միածին որդիին միջոցաւ մեզ կ՛ազատագրէ մեղքի կապանքներէն», հաստատեց առաջնորդը` աւելցնելով, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով եւ նմանութեամբ` երկնային փառքին համար, սակայն մենք մեր ազատ կամքով, փոխանակ հնազանդելու աստուածային պատուիրանին, ճաշակեցինք չարի եւ բարիի գիտութեան ծառէն եւ արժանի դարձանք դրախտէն դուրս դրուելու: Սակայն Աստուած իր շնորհքով, գութով եւ սիրով մարդուն տուաւ բացառիկ առիթ մը. խաչի փայտը, որ չարչարանքի եւ անարգանքի գործիք է, վերածեց փրկութեան փայտի` Քրիստոսի  խաչին, որ դարձաւ քրիստոնեային յաղթանակին դրօշակը, եւ անով քրիստոնեան զօրացաւ, հոգեպէս յաղթեց եւ տապալեց չարը, դուրս վանեց մեղքը եւ դարձաւ յաղթական խաչակիրն ու հետեւորդը Քրիստոսի: «Գիւտ խաչի տօնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք խաչով յաղթած հայ քրիստոնեաներ ենք: Հայ ժողովուրդի բովանդակ պատմութիւնը դարձաւ խաչակրութիւն, որ ո՛չ միայն տառապանք եւ չարչարանք եղաւ հայ ժողովուրդին համար, այլ եղաւ նաեւ ստեղծագործական սխրանք, եւ մեր մշակոյթը դարձաւ խաչի փառաբանութիւն` մեր խաչքարերով, եկեղեցիներով, մանրանկարչութեամբ, երգերով եւ մեր մշակութային հոգեմտաւոր ժառանգութեամբ մենք դարձանք խաչի ժողովուրդ», շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս` աւելցնելով, որ հայ խաչը ծաղկուն է, յոյսի եւ յաղթանակի խորհրդանիշ է: Խաչին ընդմէջէն մենք կը տեսնենք յաղթական խաչեալը, որ մեզի յաղթութեան գրաւականը կը շնորհէ:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ տօնը բոլորիս տօնն է, որովհետեւ մենք ենք եկեղեցին եւ ոչ թէ քարեղէն կառոյցը, որ մեզ կը համախմբէ` աւելցնելով, թէ եկեղեցւոյ մէջ գտնուելու նախապայմանը եկեղեցի դառնալն է նախ մեր հոգիներուն մէջ, այսինքն` խոնարհիլ սուրբ խաչին դիմաց, ընդունիլ ու դաւանիլ, որ խաչեալն է մեր փրկիչը: Նարեկ արքեպիսկոպոս բացատրեց նաեւ քառաթեւ խաչին իմաստը: Առաջին թեւը մեզ կը բարձրացնէ Աստուծոյ, ներքեւի թեւը նիզակի նման կը խրուի  սատանային` չարին  մէջ եւ կը խորտակէ մեղքը` մեզ դարձնելով յաղթական քրիստոնեաներ, իսկ խաչին երկու թեւերը կը խորհրդանշեն Աստուծոյ լայն բացած թեւերը, որոնցմով բոլորս կ՛առնէ Իր գուրգուրոտ գիրկը, միաժամանակ յանձնարարելով, որ մենք նոյնը ընենք իրարու հանդէպ: Սրբազանը ըսաւ, որ խաչը զոհողական սիրոյն խորհրդանիշն է, այն սիրոյն, որուն ընդմէջէն Աստուած մեզ ստեղծեց եւ փրկեց: «Հայ քրիստոնեայ ըլլալը մեր ուսերուն կը դնէ պարտաւորութիւններ, որոնք սակայն կը վերածուին թեթեւ լուծի, որովհետեւ մենք խաչը առանձին չենք շալկեր, այլ` Քրիստոս կը շալկէ այդ խաչը մեզի հետ եւ մենք` իբրեւ իր հետեւորդները, միասնաբար կը շալկենք զայն», հաստատեց Սրբազան Հայրը: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը շեշտեց, որ մենք խաչակիր հայեր ենք եւ մեր պարտականութիւնն է կրել մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին, մեր դպրոցին, մեր ակումբին, մեր մշակոյթին խաչը եւ այդպէս ընթանալ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի այդ խաչով մեր դիմաց բացուին երկինքի արքայութեան երանութեան դռները եւ մենք, որպէս փրկուած ժողովուրդ, վայելել Աստուծոյ մնայուն ներկայութիւնը:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր` յոյս յայտնելով, որ թեմի բոլոր ծրագիրները վերելք պիտի արձանագրեն, եւ հայութիւնը խանդավառութեամբ պիտի աջակցի անոր բոլոր ծրագիրներուն եւ մաղթեց, որ Աստուած իր բարի շնորհները, նաեւ առողջութիւն եւ յաջողութիւն պարգեւէ Սրբազան Հօր:

Թաղականութեան անունով Սմբատ Ղազելեան ըսաւ, որ 2018 տարին յիշարժան է եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ 80 տարիներ առաջ` 1938-ին, գաղութի հայրենասէր անհատներէ հանգանակուած լումաներով Ս. Նշանը պարզ մատուռէ մը վերածուեցաւ շքեղ Մայր եկեղեցւոյ մը, հպարտութեան եւ վերապրելու յոյս ներշնչելով իր ծուխի անդամներու` աւելցնելով, որ անոր կամարներուն տակ ծառայող թէ՛ եկեղեցական, եւ թէ՛ աշխարհիկ անհատներ բարձր ու վսեմ պահեցին եկեղեցւոյ Մայր կոչումը: Ակնարկելով Սրբազան Հօր` Ղազելեան ըսաւ. «Լիբանանի մէջ տակաւ առ տակաւ կը սկսի զգալի դառնալ նոր եւ առողջ շունչի մը առկայութիւնը, որ լիբանանահայուն հոգին կը պարուրէ բերկրանքով, արժանաւոր եւ իրաւ կղերականը տեսնելով իր պատշաճ եւ արժանի բարձրութեան վրայ` հաւատալով, որ հայ հասարակական եւ կղերական կեանքը կը լեցուի հոգեւոր, անարատ, անկաշառ ոգիով եւ եկեղեցին հայկական կ՛ըլլայ ամէն մէկ հայու հոգւոյն ծննդավայրը»: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 80-ամեակի կարկանդակի հատումը: Գեղարուեստական բաժինով ասմունքեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ Շահէ Քէշիշեան: