Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեանի գնահատանքի ձեռնարկը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններու, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ուսումնական խորհուրդներու նախկին եւ ներկայ անդամներու, կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ հրաւիրեալներուն:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ գնահատանքի ձեռնարկները լաւագոյն առիթներն են արժեւորելու մեծարեալի մը վաստակն ու դերակատարութիւնը, որպէսզի ան խթանիչ ուժ հանդիսանայ յաջորդող սերունդներուն` միեւնոյն թափով եւ օրուան պահանջները ներկայացնող պայմաններու հետ շարունակելու աշխատանքը: «Այսօր համախմբուած ենք միասնաբար գնահատելու բազմամեայ գործունէութիւն ունեցող անձ մը, որ ե՛ւ ուսուցիչ էր, ե՛ւ կրթական մշակ էր, ե՛ւ հանրակրթական բազմաճիւղ աշխատանքներով զբաղող անհատականութիւն մը, որուն մտահոգութիւններուն հիմնական առանցքը երէկ, այսօր եւ վստահաբար վաղն ալ կը մնայ հայ դպրոցը», հաստատեց Մարալ Մխսեան` աւելցնելով, որ Մարալ Անթոյեան իր համեստութեամբ ու պարկեշտութեամբ օրինակ է բոլորին եւ իր գործակցութեան ոգիով եւ համերաշխութեամբ շրջապատին մէջ ստեղծած է դրական մթնոլորտ:
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Սեդա Մանկասարեան խօսք առնելով ըսաւ, որ Մարալ Անթոյեանի գնահատանքի պահը առիթ մըն է լուսարձակի տակ առնելու իր մատուցած ծառայութիւնը կրթական մարզին մէջ: Մանկասարեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մարալ Անթոյեանի ունեցած գործունէութիւնը Ազգային առաջնորդարանին մէջ` շեշտելով անոր «Ծառայող առաջնորդ»-ի յատկանիշները իր համեստութեամբ եւ ուղղամտութեամբ: «Թէեւ ասիկա փուլի մը աւարտը կրնայ ըլլալ, բայց նոր եւ փայլուն փուլի մը սկիզբն է, որովհետեւ վճռակամութեամբդ կրնաս հետապնդել եւ իրականացնել տեսիլքդ», եզրափակեց Սեդա Մանկասարեան:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ուզած են մտերմիկ հանդիպումով մը գնահատել Մարալ Անթոյեանի բազմամեայ գործունէութիւնը: «Ազգային առաջնորդարանին մէջ տակաւին կարիքը ունինք Մարալ Անթոյեանին` իբրեւ կրթական վաստակաշատ եւ փորձառու խորհրդատու, իբրեւ հայ ուսուցիչին, հայ կրթական մշակին, հայ աշակերտին Ազգային վարժարանի մեծագոյն պաշտպան ու նուիրեալ, նաեւ իբրեւ ազնիւ հայ, ծառայասէր հայ, գաղափարական հայ», շեշտեց Յակոբ Հաւաթեան` աւելցնելով, որ ան պիտի շարունակէ իր նեցուկով զօրավիգ կանգնիլ մեր ներկայի եւ ապագայի ծրագիրներուն: Եզրափակելով իր խօսքը` Հաւաթեան մաղթեց Անթոյեանին, որ ճանապարհը ըլլայ հեզասահ եւ ան մնայ հայ ուսուցիչի, հայ դպրոցի եւ հայ աշակերտի կողքին` ի խնդիր մեր գաղութի յաւելեալ ճառագայթումին եւ ի խնդիր մեր նպատակասլաց երթի վախճանական նպատակներու ամբողջական իրագործման:
Այնուհետեւ Սրբազան Հօր ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ մեծարեալին:
Սրբազան Հայրը ելոյթ ունենալով երախտագիտական խօսք ուղղեց Մարալ Անթոյեանի անցնող տարիներու այն գեղեցիկ ներդրումին համար, որ ինք Ազգային առաջնորդարանին ճամբով փորձեց ունենալ մեր կրթական աշխատանքներուն մէջ: «Այն արժէքները, որոնք կը փորձենք մեր աշխատանքով պաշտպանել եւ զօրացնել, այդ արժէքները պէտք է յարատեւեն», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ անցնողներուն տեղ նորերը պիտի գան, որպէսզի աշխատանքը ստանայ նոր թափ, նոր եռանդ եւ նոր մղում:
Գնահատանքի ձեռնարկի աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մարալ Անթոյեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ Ազգային իշխանութեան` իրենց գնահատանքին համար, աւելցնելով, որ Ազգային առաջնորդարանը կը նկատէ իր երկրորդ տունը եւ ինք պատրաստ է միշտ ծառայելու ժողովուրդին: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց իրերայաջորդ Ուսումնական խորհուրդներու անդամներուն, տնօրէններուն, որոնց հետ գործակցած է, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: