Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Դպրաց Դասերու Ժամերգութիւն Եւ Վկայագիրներու Յանձնում

Ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի միջդպրաց դասի յանձնախումբին, ժամարարութեամբ դպրաց դասի հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի, յատուկ ժամերգութիւն կատարուեցաւ Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներ, դպիրներ եւ դպրուհիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին` երգեցողութեամբ եւ ծիսակատարութեամբ:

Ժամերգութեան աւարտին, ներկաները եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ, սիրոյ սեղանի շուրջ ընթրեցին եւ աւանդական պատշաճ խաղերով հաճելի ժամեր անցուցին: Հաւաքի սկզբնաւորութեան Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան խօսեցաւ հաւաքական զօրութեան մասին եւ նշեց, թէ սէրը հիմնական գրաւականն է նուիրումին եւ ծառայութեան: Քահանայ հայրը մեծապէս գնահատեց դպիրներուն ունեցած անշահախնդիր վերաբերմունքը եւ ծառայողական մօտեցումը` ի սպաս եկեղեցւոյ պայծառացման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր արժէքներու տարածման: Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին անունով վկայագիրներ բաժնուեցան բոլոր այն սարկաւագներուն եւ դպիրներուն, որոնք ձեռնադրուած են, սակայն օրին վկայագիր չեն ստացած:

Սրբազան Հօր հայրական խնամքը եւ հոգատարութիւնը վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, խթան հանդիսացան դպրաց դասերու զարգացման եւ բարելաւման հոլովոյթին: