Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Երախտիքի Երեկոյ` Նուիրուած Օշին Ա. Քհնյ. Գէորգեանին, Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանին, Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանին Եւ Յարութիւն Ա. Քհնյ. Կոստանեանին

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` ուրբաթ, 23 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երախտիքի երեկոյ` նուիրուած չորս քահանայ հայրերու` Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեանի, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանի եւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանի:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի երիտասարդական յանձնախումբի  անդամ Ֆիլիփ Ժինեան: Ան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք չորս քահանայ հայրերուն` Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեանին, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանին եւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանին, որոնք երկար տարիներ ծառայեցին Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ եւ այժմ հանգստեան կոչուած են: Ժինեան ըսաւ, թէ քահանայ հայրը իր ծուխի զաւակներուն հոգեւոր հովիւն է, այսինքն` հոգեւոր հայրը, հոգեւոր պաշտպանը, հոգեւոր տէրը, հոգեւոր ծառան` աւելցնելով, որ չորս քահանայ հայրերն ալ այստեղ մեր կեանքին մէջ ազգային-եկեղեցական ներդրում ունեցած են եւ մեզ աւելի մօտեցուցած են Աստուծոյ ու եկեղեցիին` համայնքին եւ ընտանիքին, որուն մաս կազմելու առանձնաշնորհումը ունինք բոլորս: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց ներկաները Տէրունական աղօթքով սկսելու յայտագիրը:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ  Արազ Գոճայեան շնորհաւորեց չորս քահանայ հայրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած անձնուէր ծառայութեան համար` հաստատելով, որ անոնց տարած առաքելութիւնը սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայօրէն գոյատեւելու վկայութիւն է: «Մեր եկեղեցին այն մարմինն է, որուն շուրջ հաւաքուելով պատմութեան ընթացքին մենք կրցանք գոյատեւել իբրեւ հայ, այսինքն` մենք եւ մեր ինքնութիւնը փրկուեցան կորուստէ», շեշտեց Արազ Գոճայեան եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ արդէն իսկ գաղութը վերակենդանացում մը կ՛ապրի:

Կրօնական ժողովի անդամ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ եկեղեցին իր գիտակից ու նուիրեալ քահանաներով միշտ հետամուտ եղած է եւ կը ձգտի կերպարանափոխել մարդկութիւնը` աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը լուրջ աշխատանք է` ինքնանուիրում եւ զոհողութիւն պահանջող: «Քահանայական կեանքը ծառայութեան իւրայատուկ ասպարէզ է, հոգեւոր ծառայութիւն, Աստուծոյ ժողովուրդը հովուելու քրիստոսաւանդ աշխատանք», հաստատեց Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան եւ Կրօնական ժողովին անունով հիմնական չորս արժանիքներով յատկանշեց չորս քահանայ հայրերը. ա) Անոնք եղած են գիտակից իրենց կոչումին եւ խոր հաւատքով գործած են Լիբանանի հայոց թեմին մէջ, բ) Անոնք զոհաբերութեամբ եւ գիտակից նուիրումով ծառայած են Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ, գ) Ծառայութեան բարձր գիտակցութեամբ կերտած են օրինակելի առաքելութիւն, դ) Սէրը մղած է զիրենք ծառայելու անձնուրաց մօտեցումով ու նուիրումով` հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի հաւատքին եւ անոր պատուիրաններուն:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ պարգեւատրման հանդիսութիւնները ո՛չ միայն առիթներ են արժեւորելու վաստակաւորներուն ծառայութիւնն ու ներդրումը, այլեւ` նշեալ ծառայութիւններուն ընդմէջէն փոխանցելու օրինակելի յատկանիշներ, որպէսզի նորահաս սերունդները միեւնոյն շունչով եւ ոգիով, ինչպէս նաեւ արդիականացած եւ ժամանակակից մօտեցումներով շարունակեն առաքելութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ հոգեւոր ծառայութիւնը նուիրումի հասկացողութեամբ առաւել եւս շեշտակի է, որովհետեւ հոն տիրական ներկայութիւն է հետեւողական զոհողութիւնն ու հաւաքական հասկացողութիւնը` աւելցնելով, որ հովիւը ծուխի ծառան է հոգեւոր, ազգային եւ մարդկային լայն ըմբռնողութեամբ` հասնելու բոլորին կարիքներուն, զօրակցելու, աղօթելու, մխիթարելու եւ գործնապէս նպաստելու հայորդիներուն:

Անդրադառնալով հանգստեան կոչուած չորս քահանայ հայրերուն` Սիսլեան հաստատեց, որ անոնք իրենց ծառայութեամբ վայելեցին շրջապատին վստահութիւնն ու նեցուկը եւ մինչեւ օրս իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ մասնակից կը դառնան թեմի գործունէութեան:

«Դուք վարչականօրէն հանգստեան կոչուած էք, սակայն իրողապէս այդպէս չէք եւ չէք կրնար ըլլալ, որովհետեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը տառապի մեր ցաւերով, կ՛ուրախանայ մեր իրագործումներով եւ կ՛ուզէ մասնակից դառնալ նուաճումներուն: Ձեր առաքելութիւնը տակաւին չամբողջացուցիք, որովհետեւ ձեր հայրական ներկայութիւնը մեր մէջ ինքնին մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ուժ եւ կորով տուող ցուցանիշ է», եզրափակեց Րաֆֆի Սիսլեան:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ մեր քահանայ հայրերը ո՛չ միայն Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ զինուորներն էին, այլ` Լիբանանի պատերազմի օրերուն իսկական զինուորներն էին մեր եկեղեցին, մեր դպրոցները, մեր ակումբները եւ մեր ժողովուրդը պահպանելու ո՛չ միայն աղօթքով եւ պատարագով, այլեւ` գործօն մասնակցութեամբ ընելով այն, ինչ որ ոեւէ անհատ կ՛ընէր պատերազմի օրերուն: «Դուք պարգեւատրուելու կամ մեծարուելու կարիքը չունիք: Երբ ընդունած էք ծառայել եկեղեցւոյ ճամբով մեր ժողովուրդին, արդէն  անիկա մեծագոյն պարգեւն ու մեծարանքն է: Մենք ձեր պարգեւատրումին կարիքը ունինք, որպէսզի մենք աւելի զօրանանք, փարինք մեր աշխատանքներուն, աւելի ծառայութիւն սորվինք ձեզմէ», եզրափակեց Բագրատունի:

Մեծարեալ չորս քահանայ հայրերուն անունով երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեան: Ան նախ եւ առաջ գնահատանքի խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն հետ գործակցած է տարիներ շարունակ: Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Սրբազան Հօր, որ դպրեվանքի տարիներուն եղած էր ժրաջան, բոլորէն սիրուած, գնահատուած եւ մնացած է պարկեշտ, յարաբերական, անբասիր, հաւատարիմ իր ուխտին եւ կոչումին, հաւատարիմ նաեւ Կիլիկիոյ Ս. աթոռին միաբանական ուխտին եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հոգեւոր ծառայութեան: Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեան առողջութիւն եւ համբերութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր` հաստատելով, որ իրենք իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը մնան սրբազան հօր տրամադրութեան տակ, եւ եզրափակելով իր խօսքը, չորս քահանայ հայրերուն անունով գնահատանքը նուիրեց ներկայ գործող քահանայ հայրերուն:

Այնուհետեւ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան կարդաց «Օրհնութեան գիր»-երը, որմէ ետք սրբազան հայրը զանոնք յանձնեց չորս քահանայ հայրերուն: Ապա  քահանայից դասը երգեց առաքեալներուն նուիրուած «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականը:

Աւարտին Առաջնորդ  Սրբազան Հայրը ուղղեց իր պատգամը: Ան նկատել տուաւ, որ երախտիքի սոյն երեկոն մեր չորս քահանայ հայրերուն անձնդիր ծառայութեամբ կը դառնայ յիշատակելի եւ օրհնեալ առիթ մը` աւելցնելով, որ անոնք իրենց ամբողջ կեանքը իբրեւ նուիրում ընծայեցին հայ եկեղեցւոյ եւ այսօր իբրեւ հանգստեան կոչուած քահանայ հայրեր իրենց աղօթքով զօրավիգ են մեզի: Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով չորս քահանայ հայրերուն ըսաւ, որ իրենք արժանի են բոլոր այն հայորդիներու սիրոյն, յարգանքին եւ երախտիքին, որոնց կեանքին մէջ հոգեւոր եւ ազգային սերմեր ցանեցին` աւելցնելով, որ իրենք հայ դպրոցին մէջ եղան հայ ուսուցիչ, հայ ընտանիքին մէջ եղան մխիթարիչ եւ բոլոր ծով կարիքներուն դիմաց եղան տէր ու ծառայ միաժամանակ, ինչ որ մասնայատկութիւնն է հայ հոգեւորականին: Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց Աստուծոյ, որ չորս քահանայ հայրերուն պարգեւէ քաջառողջ կեանք, որպէսզի շարունակեն իրենց նուիրական մասնակցութիւնը բերել մեր հաւաքական առաքելութեան: Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով ընդգծեց այն եզակի դերը, որ կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, առանց որուն բոլոր հոգեւորականները, նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներէն կարեւոր թիւ մը այսօր լծուած պիտի չըլլային մեր հոգեւոր եւ ազգային առաքելութեան: «Դպրեվանքը պարզ դպրոց մը չէ: Դպրեվանքը հայ մարդը հայ մարդուն համար պատրաստող օճախ է, ընտանիք է, կրթարան է: Մեր ծով կարիքներուն դիմաց այն հոգեւոր, ազգային նաւահանգիստն է, որուն ապաւինելով մեր ազգային-եկեղեցական նաւը կը հասնի իր նպատակին», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ իբրեւ լիբանանահայութիւն մենք յաւելեալ պարտաւորութիւն ունինք մեր զաւակները դպրեվանք ղրկելու, եթէ կ՛ուզենք, որ ապագային մեր եկեղեցիները հոգեւոր հովիւներ ունենան, մեր դպրոցները ուսուցիչ ունենան, մեր մամուլը խմբագիր ունենայ եւ մեր եկեղեցին կարենայ իր հոգեւոր սպասաւորութիւնը ծաւալել մեր հոգեւոր կեանքին մէջ:

Իր խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց չորս քահանայ հայրերուն, որոնք իրենց կեանքի օրինակով եղան եւ մնացին տիպար դպրեվանեցի ու այսօր իրենց ծառայական կեանքով  մեր բոլորին համար եղան ճշմարիտ աշակերտները Քրիստոսի` հանդիսանալով իրաւ հովիւ, իրենց կեանքը ի սպաս դնելով իրենց ժողովուրդի սրբազան զոհասեղանին վրայ, կոչ ուղղելով բոլորին հետեւելու անոնց կեանքի օրինակին, որովհետեւ մենք ալ մեր հերթին մեր կեանքով եւ գործով ներշնչարան պիտի դառնանք մեզի յաջորդող սերունդներուն, որպէսզի մեր դպրոցը, ակումբը, ընտանիքը միշտ մնայ հայ քրիստոնէական բարձրութեան վրայ:

Երախտիքի երեկոն փակուեցաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով: