Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Զահլէի Մէջ Վերսկսաւ Գործել Կիրակնօրեայ Դպրոցը

Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը վերջին շաբաթներուն յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է հեռակայ շրջանները` հետեւողական կապեր հաստատելով ծուխերուն հետ եւ սերտելով աշխատանքային նոր կարելիութիւնները:

Այս ճիգը կը նպատակադրէ երիտասարդ ուժերու ներգրաւում, աշխատանքային նոր ոլորտներու ստեղծում, հեռաւոր շրջաններու ծխայիններու համախմբում, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, ազգային եւ դաստիարակչական ծրագիրներու իրականացում:

Նշեալ շրջագիծին մէջ, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ 2 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը գործէ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը, որուն աշակերտներուն ընդհանուր թիւն է 22: Անդամները շաբաթական դրութեամբ կը հետեւին դաստիարակչական ծրագիրի` ձեռային աշխատանքներու եւ խաղերու ընդմէջէն ծանօթանալով հոգեւոր-քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն:

Յառաջիկայ տարուան սկզբնաւորութեան կը ծրագրուի Զահլէի մէջ հաստատել շաբաթօրեայ դպրոց` բնորոշ կրթական ծրագիրով բարելաւելու շրջանի պատանիներուն հայոց լեզուի իմացութիւնը:

Լիայոյս ենք, որ Զահլէի մէջ սկսած այս դրական տեղաշարժին նախաքայլերը յաւելեալ ճիգով կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ կը տարածուին այլ շրջաններու մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ