Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Զատկական Պատգամ

«ՏԷ՜Ր ԻՄ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ ԻՄ»
Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Աստուծոյ, որ Զատկական տօնին առիթով, դարձեալ առիթ կ՛ընծայէ մեզի, քաղցրութեամբ ու խնդութեամբ զիրար ողջունելով ըսելու.
– «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։
Անկասկած, տեսակաւոր խնդիրներու ùովէն անցնող Լիբանանահայ մեր կեանքը, այսօր կարիքը ունի նոր եւ յաղթական երթի եւ հետեւաբար, զատկական աւետիսը մեզ կը հրաւիրէ, յարութեան հաւատքով դարձեալ քալելու աւետարանի ուղիներէն, որպէսզի մեր կեանքի պայմաններուն մէջ, մենք ալ կարենանք մեր Տէրն ու Աստուածը ճանչնալ եւ Իրմով նորոգուած, յարութեան շունչը տարածել տարակոյսի մատնուած մեր ընկերութեան մէջ։
Աւետարանը կը վկայէ, թէ երբ առաքեալները Յիսուսի յարութեան լուրը առին, Գալիլիա գացին եւ բարձրացան այն լեռը, ուր Յիսուս ժամադրուած էր իրենց հետ։ Այնտեղ, երբ զինք տեսան, խոնարհելով երկրպագեցին անոր։ Բայց ոմանք տարակուսեցան։ Երկար ժամանակ տարակուսեցաւ եւ երկմտեցաւ նաեւ ամբողջ Երուսաղէմը: Եւ վստահաբար, տարակուսեցան ու կասկածի մատնուեցան նաեւ բոլոր անոնք, որոնք զրկուած ըլլաÉով իմացական ու հոգեւոր լոյսէն, չէին կրնար նոր հաւատքով կարելիէն անդին, նաեւ տեսնել Աստուծոյ հրաշագործ զօրութիւնը։
Մասնաւորաբար տարակուսեցաւ ու երկմտեցաւ Թովմաս ³ռաքեալ, որ Քրիստոսի խաչելութենէն ետք, լքուած ու անտէր մնացած ըլլալու իր հոգեվիճակին մէջ, նոյնիսկ մերժած էր ընդունիլ յարութեան պատահարը եւ յայտարարած, թէ.- «Մինչեւ, որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին` չեմ հաւատար»: Սակայն, երբ Յիսուս դարձեալ եկաւ եւ կանգնեցաւ աշակերտներուն մէջ եւ Թովմաս առաքեալին ըսաւ.- «Մատդ բեր` հո՛ս դիր եւ տես ձեռքերս. բեր ձեռքդ եւ դպցուր կողիս…» Թովմաս առաքեալ սթափելով բացագանչեց.- «Տէ՜ր իմ եւ Աստուա՜ծ իմ»:
Լքուած զգալու վայրկեաններուն, Աստուծոյ քաղցր խօսքը կրնայ մարդուն մէջ դարձեալ արթնցնել կեանքին սէրն ու ապրելու յոյսը: Արդարեւ, Յարուցեալին ձայնը Թովմաս առաքեալին մէջ վերստին արթնցուց հաւատքի կայծը։ Եւ Քրիստոս ոչ միայն հասկացողութեամբ ու յանդուրժողութեամբ նայեցաւ տարակոյսի մատնուած իր աշակերտին, այլեւ՝ կենդանութեան նոր շունչ հաստատեց անոր մէջ, որովհետեւ ան գիտէր, որ արժանապատիւ կեանքին վերադառնալու ձգտումը կրնայ նաեւ արթննալ տկար ու տարակուսանքի մատնուած հոգիներուն մէջ ալ։
Սիրելի հարազատներ,
Քրիստոնեաներուս համար կա՞յ աւելի մեծ երանութիւն քան աշխարհէն ներս սրտի վստահութեամբ մեր Փրկիչն ու Տէրը տեսնելու ու ճանչնալու վայելքը։
Զատիկ է այսօր, սակայն կլանուած աշխարհի հարցերով ու տագնապներով, բոլորս ալ կը փնտռենք հաստատուն յենարան մը, որպէսզի կարենանք ապրելու եւ յարատեւելու յոյս եւ հոգեկան ուժ հաստատել մեր կեանքէն ներս։ Զատիկ է այսօր, բայց մեր ապրած տագնապալի պայմաններուն մէջ, մենք ճար ու դարման կ՛աղերսենք եւ կարիքը ունինք փրկաւէտ այն ձեռքին, որ կրնայ քակել մեր աչքերուն կապը, որպէսզի Թովմաս առաքեալի օրինակով, մենք ալ կարենանք այսօրուան մեր կեանքի պայմաններուն մէջ տեսնել եւ ճանչնալ մեր Տէրն ու մեր Աստուածը։
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, մեր Եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, որ ամէն մարդու մէջ Աստուած մը կայ եւ անոր տեսիլքը կրնան ունենալ բոլոր անոնք, որոնք Աւետարանի հաւատքով ամրացած, երկինքին նայելով իրենց կեանքը կ՛ապրին եւ իրենց անձերուն ընդմէջէն, նաեւ Աստուծոյ պարգեւած լոյսն ու շնորհքները կը փայլեցնեն իրենց ապրած միջավայրէն ներս։
Զատիկ է այսօր եւ հետեւաբար, պէտք է յիշենք, որ Տիրոջ պահապան բազկերակէն անջատուած կեանքը, մարդս կը տանի դէպի անդունդ։ Եւ վայ այն մարդուն, որ աշխարհէն ներս կորսնցնելով իր Տէրն ու Աստուածը, աշխարհի փորձութիւններուն ու տագնապներուն դիմաց կը մնայ անօգնական ու կը վերածուի ուղեկորոյս ճամբորդի։
Զատիկ է այսօր եւ հետեւաբար, պէտք է նաեւ յիշենք, որ ոչ թէ միայն ամէն մարդու մէջ Աստուած մը կայ, այլեւ՝ աշխարհէն ներս, Աստուծոյ համար կարեւոր յենարաններ ենք։ Այդ իսկ պատճառով, մեր Տէրն ու Փրկիչը մեզի կը յայտնուի ու մեզի հետ կ՛ապրի, որպէսզի մենք, իբրեւ իր ընտրեալներն ու նուիրեալները, աւետարանի լոյսով խանդավառուած, հաւատքի անծայրածիր հորիզոններ բանանք բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կ‏՛ուզեն Տիրոջմով նորոգուիլ, կեանքէն ներս սուրբն ու նուիրականը պաշտպանել ու մեր շրջապատէն ներս աստուածային յոյսը ցոլացնել։
Ուստի, Զատկական տօնին առիթով սրտովին շնորհաւորելով բոլորդ, կը մաղթենք, որ Յարուցեալը, նոր լոյս բերէ տարակուսանքի մատնուած մեր ընկերութեան բոլոր անդամներուն եւ իր սփոփարար հովանին տարածէ մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, համայնական մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցներուն ու մարմիններուն վրայ ու սիրեցեալ մեր ժողովուրդի բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն կեանքը հարստացնէ անմահական շնորհքներով։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։
Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ աղօթարար՝
Շահէ Արք. Փանոսեան
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց