Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 1 ապրիլ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Իր քարոզին սկիզբը Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Յիսուսի խաչելութեան եւ յարութեան ըսաւ, որ երբ Յիսուս Զատկուան տօնի նախօրեակին իր հաւատաւոր աշակերտներուն հետ հաւաքուած էր վերնատան մէջ իր վերջին ընթրիքը միատեղ անցընելու համար, այնտեղ անակնկալօրէն սկսաւ խօսիլ շուտափոյթ իր մահուան մասին եւ այդ զրոյցը փակեց իր աշակերտներուն ըսելով. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Յիսուս կը գիտակցէր, թէ առանց իր առաջնորդութեան, իր խնամքին յանձնուած աշակերտները անկասկած դժուարութիւններ պիտի ունենային իրենց առօրեային մէջ եւ մանաւանդ պիտի դժուարանային յարատեւել իրենց ստացած արժէքներով հրէական այն միջավայրին մէջ, որ կը հալածէր Յիսուսը եւ Անոր հետեւորդները: Առ այդ, Յիսուս կը խրախուսէ իր աշակերտները, որպէսզի գիտակցին, թէ քրիստոնէութիւնը նոյնիսկ մահուան վրայ յաղթանակ տանող կրօն է: Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ Ս. Յարութեան տօնին առիթով հայ եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, որ չընկրկինք եւ չտկարանանք տագնապներու եւ դժուարութիւններու դիմաց, այլ` նայինք մեզ կանխող սերունդներու օրինակին եւ անկէ ուժ քաղելով անդրադառնանք, թէ հաւատքով կարելի է յաղթանակ տանիլ բոլոր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ տեսնենք, թէ ինչպէս անոնք ապրելու կամքով եւ հաւատքով գործեցին` առանց հրաժարելու սրբութիւններէն եւ ազգային աւանդներէն:
«Ազատ ու անկախ Հայաստանով եւ ազատ ու անկախ Արցախով մուտք կը գործենք 21-րդ դար: Պէտք է առաւել եւս խիզախանանք ու քաջալերուինք, որովհետեւ պատմութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ կացութեան մը, որուն դիմաց հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ չէր կրցած գտնուիլ: Սերունդներ երազեցին, անկախութեան տեսլականով ապրեցան, զոհաբերեցին, նաեւ իրենք զիրենք նուիրաբերեցին, որպէսզի պատմութիւնը մեզ այս վիճակին առաջնորդէ», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ պէտք է քաջալերուինք եւ արիանանք, որպէսզի հաւատքի ուժականութեամբ մեր դիմաց յարուցուած հարցերը յաղթահարելով նաեւ հասնինք մեր դարաւոր երազներուն, ամբողջական Հայաստանի իրականացման եւ ամբողջական Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի մէկտեղումի իտէալին: Սրբազան Հայրը նաեւ յայտնեց, որ մենք իբրեւ զաւակները ժողովուրդի մը, որ մեռելներէն յարութիւն առնելու տեսլականով կրցաւ իր կեանքը վերականգնել, պէտք է գիտակցինք, որ քրիստոնէական աւանդներով ամրացած մեր ժողովուրդի կամքը պէտք է յարատեւէ մեր արարքներով, մեր ինքնամատուցման ճամբով: Ան ըսաւ, թէ պէտք է ապրինք այն կեանքով, որ կը պատկանի հարազատօրէն մեր ժողովուրդին եւ պէտք է յարատեւենք ի խնդիր բոլոր այն իրաւունքներուն, որոնք կը պատկանին մեր ազգին, նաեւ յաղթանակ տանելով եւ մեր շրջապատին մէջ արտայայտելով այն հաւատքը, որ մեզ պահեց պատուանդանի վրայ դարեր շարունակ: «Թող որ կրկին ծաղկին մեր եկեղեցիները, մեր վարժարանները, մեր բոլոր կառոյցները` հոգեւոր եւ ազգային նոր ջերմեռանդութիւն սերմանելու համար մեր իրականութեան մէջ եւ թող որ յարուցեալը իր օրհնութիւնը առատացնէ բոլորին կեանքին մէջ», եզրափակեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Յայտնենք, որ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` Ս. պատարագէն ետք մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, իսկ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: