Չորեքշաբթի, 5 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն` «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտներուն համար, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:
Սրբազան Հայրը այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ երբ Քրիստոս Վերջին ընթրիքի պահուն բոլորովին անակնկալօրէն ոտքի ելաւ եւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց` իր այս իւրայատուկ արարքը եզրակացուց պարզ ըսելով առաքեալներուն. «Դուք գիտէ՞ք, թէ ես այսօր ի՛նչ ըրի ձեզի»: Վստահաբար արդէն իսկ ցնցում ապրող առաքեալներու այդ շրջանակին մէջ այդ պահուն գիտակցութիւն չկար, թէ ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս իրենց Վարդապետը` փոխանակ պատիւներ ընդունելու եւ յարգանք վայելելու աշակերտներուն կողմէ, ինք ծունկի կու գար եւ իր աշակերտներուն ոտքերը կը լուար:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր այդ հարցումը մեր եկեղեցին մեզի կ՛ուղղէ ոտնլուայի այս իւրայատուկ արարողութեան ընթացքին. արդեօք մենք գիտե՞նք, թէ մեր Տէրը ի՛նչ ըրաւ մեզի համար: Ան երկինքէն երկիր խոնարհելով` մարդկային ընկերութեան կարիքներուն ծառայեց, նաեւ ոտնլուայի արարքով իր աշակերտներուն ուզեց օրինակ մը տալ, որպէսզի անոնք ըմբռնեն, թէ քրիստոնեաներուն մեծութեան տանող ճամբան կը սկսի ծառայութեամբ, համեստ գործերով, ընկերութեան մէջ գտնուող կարիքները հոգալով եւ կարիքաւորները բարձրացնելով: Այդ օրինակն էր, որ մեր Տէրը փորձեց կենդանի օրինակով փոխանցել իր աշակերտներուն, որպէսզի առաքեալներն ալ իրենց աշխատանքով աշխարհին մէջ իր եկեղեցին գոյաւորեն, այսինքն ի մի հաւաքեն այն հաւաքականութիւնը, որ կը կազմէ նոյնինքն եկեղեցին, որուն մէջ կան տեսակաւոր կարիքներ եւ անակնկալներ, այլ սակայն` իրարմով, իրարու աջակից եւ զօրակից, Աստուծոյ օգնականութեամբ անոնց կեանքը ուղղուած կը մնայ դէպի յաւիտենականութիւն: Սրբազանը բացատրեց, թէ այդ պատգամն է, որ այսօր նաեւ մեր եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ եւ մեզ կը խրատէ, որպէսզի անդրադառնանք, թէ աշխարհի մեծութիւնները անցաւոր են, անցաւոր է նոյնինքն աշխարհը, եւ ոչինչ կայուն կայ մեր ապրած աշխարհին մէջ, բայց Աստուծոյ կամքը կը մնայ անխախտ եւ անսասան եւ Աստուծոյ կամքն է, որ մենք երկրաւոր մեր գոյութեան ընթացքին զիրար սիրենք, զիրար պաշտպանենք, իրարու աջակից ըլլանք, որպէսզի իրեր օգնութեամբ նաեւ հասնինք Աստուծոյ խոստացած երկնային անմահ պարգեւներուն:
Առաջնորդը աղօթեց, որ այս սրբազան արարողութիւնը հաւասարապէս մեր ուշադրութիւնը ուղղէ դէպի մեր ընկերութիւնը, որուն կեանքին մէջ կարիքները մեծ են, բայց նաեւ` դէպի Աստուած, որպէսզի անդրադառնանք, թէ այդ ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող կարիքները մեզմով դարման կը գտնեն, կը վերանան եւ մեզմով է, որ քրիստոնէական ճշմարիտ համայնքը կը գոյաւորուի, եւ մեր ճիգերը Աստուծոյ մօտ կ՛արժանանան ուշադրութեան, նաեւ` իր հայրական օրհնութեան եւ շնորհներուն:
Արարողութիւնը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով: