Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ նորակառոյց «Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան» դահլիճի բացման հանդիսութիւնը:
Նորակառոյց դահլիճին բացումը կատարեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բարերար տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան:
Բացման խօսքը արտասանեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան: Ան նշեց, որ մեծ ուրախութիւն է տօնական այս օրերուն ծիրին մէջ այսուհետեւ ծխական ժողովուրդը ընդունիլ այս նորակառոյց դահլիճին մէջ: Այս դահլիճին ստեղծումը թաղական խորհուրդի աշխատանքային դաշտին մէջ ամէնէն ցայտուն իրագործումներէն մէկը կը հանդիսանայ: Շինարարական աշխատանքը առիթ ընծայեց, որ ծխական շրջանը օժտուի պատշաճ գրասենեակով, արխիւանոցով եւ տարրական պէտքեր գոհացնող խոհանոցով մը:
Մեսրոպեան լուսարձակի տակ առաւ բարերար Հրաչ Պոյաճեանին անսակարկ նուիրումը, տրամադրուածութիւնը եւ իր անմիջական գործնական աջակցութիւնը, որով կարելի դարձաւ այս ծրագիրին տեսլականը իրականութեան վերածել: Ան Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեանին` նշելով, որ այս դահլիճը, որ նուիրուած է իրենց հանգուցեալ ծնողներուն յիշատակին, կու գայ յաւիտենական ձեւով իր դրոշմը ձգելու ծխական շրջանի պատմութեան մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հրաչ Պոյաճեանի անմիջական աջակից Արամ Պեքարեանին, որուն անխոնջ աշխատանքը կարելի դարձուց այս պերճախօս իրագործումը: Յակոբ Մեսրոպեան երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ ծխական շրջանի անդամ երկրաչափ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանին, որ սիրայօժար կերպով սատարեց այս շինարարական աշխատանքի նախագիծին պատրաստութեան եւ անոր գործադրութեան:
Սրտի խօսք արտասանեց բարերար Հրաչ Պոյաճեան: Ան յայտնեց, որ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ գմբէթի հովանիին տակ, եկեղեցւոյ մը, որ դարեր շարունակ եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ ամբողջ հայութեան եւ մանաւանդ սփիւռքահայութեան փրկութեան լաստը, աւիշ հայթայթող աղբիւրը եւ գոյութիւնը երաշխաւորող հիմնաքարն ու գլխաւոր սիւներէն մէկը: Ան ըսաւ, որ իրենք իրենց ծնողներէն այսպէս դաստիարակուած ու մեծցած են: Այս ծրագիրին նախաձեռնած են պատուելու համար իր հանգուցեալ ծնողներուն եւ հայ ընտանիք կազմած ու հայ եկեղեցւոյ շունչով զայն պահած ծնողներու յիշատակը: Իր խօսքի աւարտին ան երախտագիտութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին այս ծրագիրին հեզասահ եւ յաջող ընթացքին նեցուկ կանգնելուն համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ թաղական խորհուրդին` իրենց օրհնութեան եւ աշխատանքներուն ժրաջան հետապնդումին համար: Նաեւ Շնորհակալութիւն յայտնեց Ճարտարագէտ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանին եւ Արամ Պեքարեանին` իրենց անշահախնդիր եւ բծախնդիր մօտեցումով աշխատանքները իրենց աւարտին հասցնելնուն համար:
Փակման եւ օրհնութեան խօսքը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս.Փանոսեան: Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս մեծ ծրագիրին յաջողութեան ի տես: Ան նշեց, որ վստահաբար այս գեղեցիկ սրահը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ պիտի վերածուի հիւրընկալ անկիւնի մը: Մեր եկեղեցին ալ կամաց-կամաց իր նկարագիրով պէտք է մեր ժողովուրդին համար դառնայ աւելի հիւրընկալ: Ատիկա իրականութիւն կը դառնայ մեր աշխատանքով, ճիգով եւ քրտինքով: Պայմաններու բերումով օտար այս ափերուն վրայ կը գտնուինք, եւ մեր ժողովուրդը իր վաստակէն բաժին հանելով, քար առ քար կառուցեց իր սրբարաններն ու յարակից մասերը եւ այսօր ամէն սերունդ իր վաստակէն բաժին ընծայելով կը փորձէ այդ սրբարանները աւելի հիւրընկալ դարձնել մեր ժողովուրդին համար:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց բարերար Հրաչ Պոյաճեանը այս ճիգին համար եւ մաղթեց, որ իր օրինակը գրաւիչ ըլլայ մեր ժողովուրդին: Ամէն մարդ իր վաստակէն պէտք է ընծայէ այն բոլոր ամրութիւններուն, որոնցմով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը, ինչպէս` մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները: Ան մաղթեց, որ այս միջավայրի գործունէութիւնը միշտ ուրախութեամբ լեցուն ըլլայ: Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ երբ հաւատք ու ճիգ կայ, Աստուծոյ օրհնութիւնը այս բոլորին մէջ ներկայ կ՛ըլլայ անկասկած:
Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը օրհնութեան աղօթք կատարեց նորակառոյց դահլիճին մէջ: