Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Նշում Եւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Անցնող շաբաթավերջին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն էր: Առ այդ,  կիրակի, 22 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Յընթացս Ս. պատարագին Առաջնորդ Սրբազանը ձեռնադրեց եկեղեցւոյ ընտանիքին պատկանող 3 կիսասարկաւագներ եւ  2 սարկաւագներ:  Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց կիսասարկաւագներուն եւ  սարկաւագներուն  ձեռնադրութեան առիթով, որովհետեւ անոնք այս արարողութեան ընթացքին ուխտեցին իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան ի խնդիր ընծայել իրենց անձը:

Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ անոնք իրենց ծառայութեամբ յարատեւեն` հասնելու համար եկեղեցւոյ սպասաւորութեան բարձրագոյն պաշտօններուն: Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն, որ իրենք եւ իրենց զաւակները եւս մասնակից դառնան եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործին, որպէսզի Հայ եկեղեցին ապրի նոր վերելք եւ ոգեւորութիւն` աւելցնելով, որ անցնող բոլոր դարերուն Հայ եկեղեցին տոկաց, գոյատեւեց, մնաց կանգուն եւ ամրացաւ առաւելաբար հայորդիներու հաւատքով ու կամաւոր սպասաւորութեան ճամբով հասնելով հայ ժողովուրդի բազում կարիքներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ այսօր Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն կը կոչուի «Կարմիր կիրակի», եւ բացատրեց այդ անուանումին իմաստը. Կարմիրը եկեղեցւոյ հաստատման համար Քրիստոսի հեղած արիւնն է, նաեւ` որովհետեւ ցեղասպանութեան ահաւոր պայմաններուն մէջ եկեղեցին կորսնցուց իր մէկուկէս միլիոն ընտիր զաւակները` աւելցնելով, որ այդ ահաւոր պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդը ապրեցաւ, մեր եկեղեցին շարունակեց գործել, մեր հայրենիքը գոյատեւեց, մեր միջոցով կ՛ապրի մեր ազգային այն ինքնութիւնը, որ ջնջելու համար մեր թշնամին կոտորեց մեր ամբողջ ազգը:

«Հայ ժողովուրդի զաւակներուն գիտակցութեան եւ նուիրումին շնորհիւ հաստատօրէն մնացինք եւ կը շարունակենք մնալ կեանքի պատնէշին վրայ` թէկուզ ապրելով սփիւռքեան պայմաններու մէջ, կտրուած հայրենական հողէն, բայց երբեք անջատուած հայրենական մշակոյթէն», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ Աստուած իր պարգեւած անհամար բարիքներուն դիմաց կ՛ակնկալէ, որ մենք մեր առօրեային ընթացքին ժամանակ տրամադրենք իրեն եւ բոլոր անոնց, որոնք մեր կեանքին մէջ մեզի հետ մեր առօրեան կը կիսեն: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը մաղթեց, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցին իր մեծ ընտանիքի` ի սպաս ժողովուրդին կատարած ծառայութեան ընդմէջէն առաւել եւս կայտառանայ եւ աշխուժանայ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ «Ֆինիք» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ Սրբազան Հօր եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Օրուան հանդիսավար, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ Վարուժան Խանճեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ կ՛ընդառաջեն թաղականութեան հրաւէրին:

Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան ելոյթ ունենալով ըսաւ, թէ եկեղեցիներու թաղականութեանց առաքելութեան եւ աշխատանքային գործելադաշտին գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանայ եկեղեցիներու եւ անոնց յարակից մասերուն բարեզարդումը:

Առ այդ, անցնող տարուան ընթացքին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը` բարերարութեամբ Հրաչ եւ Ժինա Պոյաճեան ամոլին, կրցած է իրականացնել եկեղեցւոյ պաշտօնական դահլիճի վերանորոգութիւնը` անոր կողքին ստեղծելով քահանայ հայրերուն ու թաղականութեան յատուկ գրասենեակ մը եւ փոքր արխիւանոց մը:

Մեսրոպեան շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր մնայուն գուրգուրանքով կը հետեւի եւ նեցուկ կը կանգնի եկեղեցւոյ աշխատանքներուն, եկեղեցւոյ բարերարներուն, պատկան մարմիններուն, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն եկեղեցւոյ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներու իրագործման:

Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք կրկին միասնաբար վերանորոգելու մեր ուխտը` հաւատաւոր զաւակները ըլլալու Քրիստոսի եւ մանաւանդ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ծառայելու եւ իր բաժինը բերելու եկեղեցւոյ բարգաւաճման: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցին փոքր է իր կառոյցով, սակայն մեծ է անոր առաքելութեան դաշտը յատկապէս իր ժողովուրդով եւ ծխայիններով, որոնց շնորհիւ օրէ-օր աւելի կը պայծառանայ:

Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով գնահատեց եկեղեցւոյ թաղականութեան, եւ հովիւներուն ունեցած բեղուն գործունէութիւնը` մաղթելով ծխական աշխատանքներուն ծաղկումը: Ան վեր առաւ վերջին քանի մը տարիներուն տիրող սիրալիր եւ համերաշխ մթնոլորտը եկեղեցւոյ ծխական կեանքին մէջ, սրբազանը նաեւ շնորհաւորեց կիսասարկաւագներու եւ արկաւագներու ձեռնադրութիւնը` մաղթելով,որ ուրիշներ ալ ներշնչուին եւ միանան իրենց:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նախորդ տարի ուղղած իր կոչին, որ Նահր Մոթէն մինչեւ Ժունիէ ծխական շրջանը շատ ընդարձակ ըլլալուն եւ  Ս. Յարութիւն եկեղեցին բաւական հեռու ըլլալուն համար, այլ շրջանի մը մէջ  եւս եկեղեցի եւ ազգային կառոյց մը շինուի, որպէսզի ժողովուրդը մօտէն առնչուի եկեղեցւոյ կեանքին: Ան ըսաւ, թէ վստահաբար փնտռտուք կ՛ըլլայ հողաշերտ մը ապահովելու իմաստով սոյն ծրագիրը յաջողցնելու համար` աւելցնելով, որ նոր Ազգային վարչութիւնը եւս նախանձախնդիր է նման ծրագիր մը իրագործելու: Ան շեշտեց, որ այս ծրագիրը առաջնահերթութիւն պէտք է նկատուի: Շարունակելով իր խօսքը` Բագրատունի նկատել տուաւ, որ վերջին շրջանին ամէն առիթով ընտրական նիւթ կ՛արծարծուի, սակայն եկեղեցական առիթով նման նիւթ արծարծելը շահագործում պիտի ըլլայ: «Մէկ բան պիտի ըսեմ, թէ մեր ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ մեր հայ երեսփոխանները լիբանանցի սովորական երեսփոխաններ չեն, եւ եթէ հայ պիտակը պիտի ունենան, պէտք է արժանաւորապէս համայնքը ներկայացնող ըլլան: Եթէ անձ մը իր ինքնաթուղթին մէջ հայ անունով կը ներկայանայ, ատիկա չի նշանակեր, որ ան կրնայ հայութիւնը լիովին ներկայացնել: Եթէ տեղական շրջանակներու կողմէ առաջադրուած թեկնածուներ կան, ճիշդ պիտի չըլլայ, որ անոնք ներկայացնեն մեր համայնքը: Մեր երեք կուսակցութիւններուն առաջադրած թեկնածուները միայն կրնան լիովին ներկայացուցչական դէմք ունենալ: Օտարին կողմէ առաջադրուածը պիտի ծառայէ միայն օտարին»:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Ռիթա Աստիկեան` ջութակ, Ժան-Փիեռ Աստիկեան` երգեհոն, իսկ հայրենասիրական եւ աշուղական երգերով ելոյթ ունեցաւ Նժդեհ Պոտրումեան: