Աշխարհէն ներս Աստուծոյ մեծահրաշ յայտնութեան յիշատակն է այսօր:
Այս առթիւ, Աւետարանին պատգամը մեզի փոխանցելով, մեր եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուած, աւելի հասկնալի ըլլալու համար, այսօր աշխարհ կ՛իջնէ, որպէսզի իր աստուածային փառքին վերադարձնէ մարդը:
Հետեւաբար, գէթ այսօր, պէտք է ուժգնօրէն զգանք, թէ տօնական առիթները միայն կերուխումի համար չեն, այլ հաստատուած են բարձունքներուն սեւեռելու համար մեր հայեացքը ու մեր կեանքն ու շրջապատը ուղղելու դէպի առաքինութիւններ: Առանց այդ գիտակցութեան` կեանքէն ներս մարդուն համար իր գոյութեան նպատակն ու դերը գիտնալը կը մնայ առեղծուած:
Այս օրը մեծ իրողութեան մը տեսարանը կը պարզէ աշխարհին: Հետեւաբար այսօր նախ մեր հաւատքէն պէտք է ծնի մեր ուրախութիւնը, եւ մենք, հաւատացեալ մարդու գիտակցութեամբ, պէտք է ըմբռնենք, թէ խաղաղութիւն, երանութիւն եւ հաշտութիւն աւետելով աշխարհին` երկինքէն եկող պատգամաբերը կը ցանկայ մեզ հաղորդակցութեան մէջ դնել երկինքին հետ:
Ս. Ծնունդը Աստուծոյ հայրութեան եւ մարդու որդիութեան իրականութիւնը նորոգող առիթ է: Հետեւաբար, աշխարհիկ ուրախութիւններու կողքին, հոգեւոր ուրախութեան տեսարան ալ պէտք է պարզուի մեր կեանքէն ներս: Անկասկած տօնական պայմաններու մէջ մարդկային մեր յարաբերութիւններն ու ձգտումները պէտք է քաղցրանան, որովհետեւ, երկնային շնորհքը Աստուծոյ քովէն հոսելով` այսօր կ՛ողողէ ամբողջ աշխարհը: Հետեւաբար գէթ այսօրուան մեր մտածումներուն կեդրոնը պէտք է ըլլայ Աստուած` մեզի հիացում թելադրող իր սքանչելիքներով եւ փառաբանութեան ու պաշտամունքի հրաւիրող իր պատգամով: Գէթ այսօր պէտք է մեր սիրտը ընդլայնենք, որպէսզի հոգեւոր ուրախութեան ու բերկրանքի տեսարան բացուի մեր սրտերուն մէջ: Գէթ այսօր կարօտով պէտք է նայինք երկինքին եւ զգանք, թէ դէպի Աստուած երթալու ճամբուն վրայ Աստուած ինք կը հանդիպի մեզի:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Այսօր մեր եկեղեցին յստակ ձայնով Աւետարանին պատգամը կը հռչակէ ու մեզի կը յիշեցնէ, թէ իբրեւ հրաշագործ զօրութիւն` Աստուած այսօր լուսաւոր ճառագայթի մը պէս երկինքէն կը հոսի մեր մէջ, որպէսզի մենք` իբրեւ շնորհք ու ճշմարտութիւն, մեր հաւատքով զինք աճեցնենք` իրմով պայծառացնելու համար նաեւ մեր ընկերութեան վիճակը:
Նոր չէ, որ Աստուած մարդուն կը յիշեցնէ, թէ զինք ստեղծած է աւելի սքանչելի, աւելի բարձր ու վսեմ կեանքի մը համար եւ իրեն տուած է աւելի շքեղ գեղեցկութիւններու եւ աւելի հզօր փառքի ու մեծութեան հասնելու կարողութիւն: Այդ իրողութեանց գիտակ դարձնելու համար մարդը Ան` իբրեւ լոյս ու ճշմարտութիւն, այսօր դարձեալ կը յայտնուի աշխարհին, որպէսզի մենք` իբրեւ Աստուծոյ գործակիցներ, կարենանք սաղմոսին բառերով հռչակել.
«Ինչքա՜ն մեծ են գործերդ, Տէ՛ր, ինչքա՜ն խորունկ են քու խորհուրդներդ» (Սաղմոս 92:5):
Այս կանչը իր մէջ պէտք է պարունակէ ամէն հաւատացեալ մարդու հոգիէն բխող անկեղծ բաղձանք մը: Միայն վստահ հոգին կրնայ զգալ, թէ արդարեւ, մեզի եկողը ուրախութեան պատգամաբեր է եւ, հետեւաբար, երկինքին նայելով` կրնայ նաեւ տօնական ուրախութիւն ու բերկրանք ապրիլ:
Անսահման է Աստուծոյ սիրոյն ուժը, որ երբ կեանքին հպի, կը բուժէ, կը վերկանգնէ, կը կատարելագործէ եւ կը սրբացնէ ամէն բան:
Այսօր Ս. Ծնունդ է: Հեռուէն հանդիստատես չըլլանք, այլ մօտենանք մեզի եկող մեր Փրկիչին, որպէսզի մեր կեանքը փոթորկող տեսակաւոր տագնապներուն դիմաց, նոր յոյս ու նոր շնորհք գտնելով, իրական բերկրանք ապրինք ու պայծառանանք:
Այս պահը նաեւ տեսակ մը պատասխանատուութիւն կը դնէ բոլորիս վրայ, որպէսզի մեր նախնիներուն հաւատքով բոլորուինք մեր եկեղեցիներէն ներս եւ օրհներգութիւն ձօնելով աշխարհ եկող մեր Փրկիչին` հաստատ հաւատքով հռչակենք, թէ արդարեւ, Աստուած ոչ միայն մօտ է մեզի, այլեւ ներկայ` մեր կեանքէն ներս:
Տօնական բարեբաստիկ առիթով կ՛աղօթենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները Աստուծմով պայքարին կեանքի ապականութեան եւ շեղումներուն դէմ, Աստուծմով պաշտպանուին, Աստուծմով շինեն, շէնցնեն ու վայելեն եւ Աստուծմով ապրին, յուսան ու յաղթեն:
Թող երկնային օրհնութիւնը յորդ եւ զեղուն ըլլայ բոլորին վրայ եւ Աստուծոյ պահապան աջը յաւէտ պայծառ պահէ` մեր եկեղեցին, մեր բոլոր կրթական, մշակութային, բարեսիրական կառոյցները, կազմակերպութիւններն ու մարմինները, անփորձանք պահէ Լիբանանն ու մեր հայրենիքը եւ անվտանգ կեանք պարգեւէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ