Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Լիբանանահայութեան Վերակազմակերպումը Եւ Վերակենսաւորումը Համահայկական Իմաստ Ու Նշանակութիւն Ունի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ մարմինի տարած աշխատանքին: Կաթողիկոսարանի CiliciaTV-ին ճամբով ան իր հայրական խօսքն ու թելադրութիւնը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք վեհափառ հայրապետին պատգամը:

Ես կ՛ուզեմ այս առիթով կարեւորութեամբ հինգ կէտեր շեշտել.-

1) Կ՛ուզեմ իմ բարձր գնահատանքս յայտնել Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին: Մարմինի անդամները իրենց գործերը, ընտանիքը, հաճոյքը եւ հանգիստը ձգած` եկած են այստեղ օգտակար ըլլալու մեր հաւաքական ընտանիքին, որ Լիբանանի հայութիւնն է: Անցնող շաբաթներուն այս Մարմինը տիւ ու գիշեր աշխատեցաւ, ծրագրեց եւ ահաւասիկ հանգրուանային կերպով իր աշխատանքին ու ծրագրումին արդիւնքը կեանքի կը վերածէ: Ուրախութեամբ իմացայ, որ շուրջ 1500 տուներու վերաշինութեան օժանդակութիւն կատարած է, ինչ որ մեծապէս գնահատելի երեւոյթ է: Այս գործընթացը պէտք է շարունակուի: Առաջին իսկ օրը ես որոշ թելադրութիւններ կատարած էի, եւ այդ թելադրութիւնները Մարմինը որդեգրած է: Օժանդակութեան առաջնահերթութիւնները ճշդուած են, ինչպէս նաեւ` հանգրուաններ: Առաջին հանգրուանը ժողովրդային տուներու վերանորոգումն է, երկրորդ հանգրուանը եկեղեցիները պէտք է ըլլան, ապա դպրոցները եւ համայնքային կեդրոնները ու այսպէս պէտք է շարունակուի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ աջակից ու մասնակից կը մնայ լիբանանահայութեան վերականգնումին:

2) Բարձր գնահատանք` Հայաստանին, Արցախին, Ս. Էջմիածինին եւ այն բոլոր ազգայիններուն ու կառոյցներուն, հեռաւոր թէ մօտաւոր, յայտնի կամ անյայտ, որոնք նոյնիսկ մէկ տոլարով մասնակից դարձան լիբանանահայութեան վերականգնումի այս սրբազան աշխատանքին: Կ՛աղօթեմ առ Աստուած, որ ինչ որ տուին այս գաղութի վերականգնումին` աւելիով ստանան:

3) Գաղութի մը կենսունակութեան աղբիւրը դպրոցն է: Մարմինին ուշադրութեան յանձնեցի, որ տուներու վերաշինութենէն ետք, պէտք է հայ դպրոցը իր կարեւոր տեղը գրաւէ վերականգնումի աշխատանքին մէջ: Մեզի համար առաջնահերթութիւն է հայ դպրոցին զօրավիգ կանգնիլը: Ուրախ եմ, որ Ազգային առաջնորդարանը եւ բոլոր հայ դպրոցներուն պատասխանատու մարմինները յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին համար անվճար ուսման կարելիութիւնը յայտարարած են, այլ խօսքով` աշակերտները ոչ մէկ վճարում պիտի կատարեն: Սա երկու բան կը պարտադրէ մեզի.-

ա) Մեր ազգայինները ու բարերարները պարտաւոր են հայ դպրոցին զօրավիգ կանգնելու: Ինչ որ տուին շնորհակալ ենք, բայց պէտք է աւելիով տան, անոնք, որոնք ցարդ չտուին, հարկ է որ տան, որպէսզի գաղութին հիմքը կազմող հայ դպրոցը միշտ մնայ առողջ:

բ) Աշակերտութեան հայ դպրոց անվճար ընդունումը կոչ մըն է ուղղուած մեր բոլոր ծնողներուն, կոչէն աւելի` պահա՛նջք, որ իրենց զաւակները ղրկեն հայ դպրոց: Ինչ-ինչ պատճառներով` նիւթականէն սկսեալ, մեր ծնողները հակամէտ են իրենց զաւակները ղրկելու օտար դպրոց: Սպասելի է, որ մեր բոլոր ընտանիքներուն զաւակները ուղղուին դէպի հայ դպրոց:

4) Մեր բոլորին նպատակը օժանդակել է, օգտակար ըլլալ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Մենք պիտի չուզենք երբեք, որ կարիքաւոր ընտանիք մը ըլլայ անկիւնը մնացած, տուն մը ըլլայ քանդուած եւ հեռու մեր աչքերէն ու մեր մտածումներէն: Այս Մարմինին նպատակն է օգտակար ըլլալ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ բնականաբար, օժանդակել լիբանանահայ բոլոր ընտանիքներուն: Ինչպէս գիտէք, անցնող ամիսներուն ազգայիններ ու կառոյցներ ուտեստեղէնի ճամբով օգտակար եղան: Հետեւաբար, կը կրկնեմ, ես պիտի չուզեմ, որ որեւէ ընտանիք անտեսուած ու դժգոհ ըլլայ: Մարմինը իր կարելին կատարեց եւ պիտի շարունակէ կատարել, կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու մեր բոլոր ընտանիքներուն:

5) Երբ կը խօսինք լիբանանահայութեան մասին, կ՛ըսենք` լիբանանահայութիւնը սփիւռքահայութեան առանցքը եղած է: Սա լիբանանահայութեան պատմութեան չի պատկանիր, այլ նաեւ` ներկային: Լիբանանահայութիւնը, հակառակ այս դժուար պայմաններուն, տակաւին կը մնայ ողնասիւնը սփիւռքահայութեան` իր համահայկական դերակատարութեամբ: Լիբանանահայութիւնը Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է: Այս երկրին մէջ մենք իրաւունքներ ունինք: Մեր պարտաւորութիւնները լիովին կատարած ենք եւ մեր իրաւունքներուն ամրօրէն կառչած: Հետեւաբար, լիբանանահայութեան վերակազմակերպումը եւ վերակենսաւորումը համահայկական իմաստ ու նշանակութիւն ունի: Այս համապարփակ մօտեցումով մենք պէտք է զօրավիգ կանգնինք լիբանանահայութեան: Հակառակ այս դժուար պայմաններուն, լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ կառչած մնալ այս երկրին, որովհետեւ լիբանանահայութեան հզօրացումը ո՛չ միայն լիբանանահայութեան համար կենսական է, այլ նաեւ մեր հայրենիքին, Արցախին, մեր դատին համար:

Անգամ մը եւս իմ գնահատանքս կը յայտնեմ Մարմինին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մեր բոլոր կառոյցներուն ու բոլոր ընտանիքներուն եւ մեր բոլոր զաւակներուն եւ կոչ կ’ուղղեմ, միասնաբա՛ր, կ՛ուզեմ բառը ընդգծել, միասնաբա՛ր լիբանանահայութեան վերականգնումին մասնակից դառնալու: Թող Աստուած օրհնէ լիբանանահայութիւնը, մեր բոլոր գաղութները, մեր ազգն ու հայրենիքը: