Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Ամբողջացուց Վնասուած Բնակարաններու Եւ Վաճառատուներու Հատուցման Ծրագիրը

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը հինգշաբթի եւ ուրբաթ, 22, 23 յուլիս 2021-ին ամբողջացուց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով քանդուած բնակարաններու եւ վաճառատուներու հատուցման ծրագիրը` երրորդ բաժինով 451 հայրենակիցներու նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելով: Այսպիսով իր աւարտին կը հասնի ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ աւելի քան 1900 հայրենակիցներ նիւթական աջակցութիւն ստացան մարմինէն:

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին կողմէ 451 հայրենակիցներու տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը տրուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ:

Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին նիւթական մեծ վնասներէն անմասն չմնացին հայ քաղաքացիները, որոնք օրին դիմեցին Լիբանանանահայութեան վերականգնումի մարմինին` իրենց բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն կրած վնասներուն դիմաց` նիւթական օժանդակութիւն ստանալու համար:

Նիւթական օժանդակութեան գումարները ճշդուած են ճարտարապետներու կողմէ կատարուած գնահատականներուն հիմամբ:

Խօսելով այս ծրագիրին մասին` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տրուած զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց ծրագիրի ընթացքը, անոր տուն տուող պատճառը` շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ծրագիրի իրականացման մէջ խրախուսիչ դերակատարութիւն ունեցաւ` կոչ ուղղելով համահայկական հանգանակութեան:

Նախարարի պաշտօնակատարը շնորհակալութիւն յայտնեց հանգանակութեան մասնակցած, իրենց ներդրումով ծրագիրը յաջողցուցած բոլոր անհատներուն, միութիւններուն, հոգեւոր պետերուն եւ աշխատանքի պատասխանատուներուն` աւելցնելով, որ Ազգային Առաջնորդարանը ճիգ պիտի չխնայէ յաջորդ ամիսներուն եւս զանազան ձեւով կանգնելու լիբանանահայութեան կողքին:

Ծրագիրին մասին խօսեցաւ նաեւ մարմինին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան` շեշտելով, որ լիբանանահայութիւնը առաջին անգամը չէ, որ ծանր ճգնաժամ ապրած է, բայց պատմութիւնը վկայած է, որ ան միշտ ալ կրցած է դիմակայել բոլոր դժուարութիւնները եւ պատուով դուրս եկած:

Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ պէտք է հաւատալ ամբողջական եւ հաւաքական ճիգին` ճգնաժամէն դուրս գալու համար, ողջունելով բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները, որոնք կը միտին լիբանանահայութիւնը ճգնաժամէն դուրս բերել: