Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին եւ Հայկազեան Համալսարանի «Writing center»-ին, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, Չորեքշաբթի, 14 Յուլիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 3:00 տեղի ունեցաւ անգլերէնի ուսուցիչներու առցանց սեմինար մը՝ մասնակցութեամբ լիբանանահայ 8 վարժարաններէ 27 ուսուցիչներու։ Սեմինարին դասախօսն էր Միացեալ Նահանգներու Թենըսի նահանգի Memphis Community college-ի անգլերէնի երկարամեայ դասաւանդ՝ դոկտ. Քրիսթոֆըր Հասթկինզ։

Սեմինարին սկիզբը, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան բարի գալուստ մաղթեց մասնակիցներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան Համալսարանի «Writing center»-ի պատասխանատու Անիթա Մուչոյեանին, ամերիկեան դեսպանատան եւ դասախօս դոկտ. Քրիսթոֆըր Հասթկինզին՝ այս կարեւոր նախաձեռնութեան իրականացման համար։ Ան նշեց, որ մենք մեր բոլոր դժուարութիւնները կրնանք յաղթահարել շարունակական զարգացումով։ Զարգացումը անհրաժեշտ է պահպանելու համար մեր պատմական ժառանգութիւնը եւ անցեալը, ըսաւ Ստեփան։ Ապա, իր խօսքը եզրափակելով Շանթ Ստեփան վկայակոչեց Հայկազեանի հիմնադիր դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի խօսքը, թէ՝ «Մարդկութիւնը անկարելի է դաստիարակել առանց սիրոյ»։

Յայտնենք, որ սեմինարը բաժնուած էր երկուքական ժամնոց երկու մասի՝ նիւթ ունենալով հետեւեալները.- «Լեզուի դասաւանդման-ուսման խրախուսման ձեւեր ուսուցիչներու եւ աշակերտներու համար» եւ «Գրաւոր աշխատանքներ՝ լեզուի դասապահուն ընթացքին»։

Սեմինարին աւարտին մասնակիցները արժանացան մասնակցութեան յատուկ հաստատագիրներու։