Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Հայաստանի մէջ ուսման կրթական ֆոնտի վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններէ 13 շրջանաւարտներ, ֆոնտին աջակցութեամբ, իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը պիտի շարունակեն հայաստանեան համալսարաններու մէջ: Անոնք կը միանան անցեալ տարեշրջանին ֆոնտին շնորհիւ Հայաստան մեկնած 12 այլ շրջանաւարտներու` Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութիւն ստացող լիբանանահայ ուսանողներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 25-ի:
Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման կրթական ֆոնտը այս առթիւ սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Ծառուկեան» հիմնադրամին եւ Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան, որոնք կարելի բոլոր միջոցներով կ՛օժանդակեն Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման հետեւող մեր ուսանողներուն:
Ընթացիկ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին իրենց համալսարանական ուսումը Հայաստանի մէջ ստացող մեր 13 ուսանողները, որոնք կու գան լիբանանահայ երկրորդական հինգ վարժարաններէ (Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան եւ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան), կը հետեւին տարբեր մասնագիտական ճիւղերու` յաճախելով Երեւանի պետական համալսարան, Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, Հայաստանի եւրոպական համալսարան, Բժշկական համալսարան, Երկրագործական համալսարան, Բազմարուեստից համալսարան, Ճարտարապետական համալսարան եւ Մարմնակրթութեան համալսարան:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՍՄԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ