5 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանին, շրջագայեցաւ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումին պատճառով վնասներ կրած եկեղեցիներն ու կառոյցները` մօտէն ծանօթանալու կացութեան եւ ստեղծուած պայմաններուն:
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Ս. Նշան մայր եկեղեցի, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Ս. Սարգիս եկեղեցի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Ս. Գէորգ եկեղեցի, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Ս. Յակոբ եկեղեցի եւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր քննելէ ետք պայթումին գործած աւերները, հանդիպումներ ունեցաւ ծխատէր քահանայ հայրերուն, թաղական խորհուրդներու անդամներուն եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ:
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան օրուան ընթացքին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Այցելութիւններ կատարուեցան նաեւ Ազգային միացեալ վարժարան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, «Գարակէօզեան» հաստատութիւն, Առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունք եւ Հաճընի Հայկական կրթական-բարեսիրական միութեան դարմանատուն:
Իր կատարած այցելութիւններու շարքին, Առաջնորդ Սրբազանը Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ նաեւ առիթ ունեցաւ հանդիպելու Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին հետ:
Այցելութիւններուն ընթացքին սրբազան հայրը շեշտեց, որ կառոյցներն ու եկեղեցիները պէտք է ունենան վերականգնման եւ վերանորոգման պատկերացումներ: