Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մէջ

Լիբանանահայութեան երկրորդ հայրենիքին` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ:

Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, դասարաններու եւ միջանցքներու պատի թերթերուն վրայ կը տեսնուէին պատկերներ եւ գրութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին անկախութեան պատմութիւնը եւ այն ղեկավարները, որոնք կերտեցին այդ  անկախութիւնը 22 նոյեմբեր 1943-ին:

Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին վարժարանի աշակերտներուն կարգապահ շարքերուն դիմաց եւ Լիբանանի քայլերգին խրոխտ հնչիւններուն ներքեւ բակին մէջ բարձրացաւ Լիբանանի դրօշակը:

Օրուան ընթացքին նախակրթարանի  աշակերտները «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ իրենց դասընկերներուն ներկայացուցին օրուան թեմային պատշաճ յայտագիր մը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեց Զ. դասարանի աշակերտ Քրիստ Դարբինեան, որ խօսեցաւ լիբանանահայութեան երկրորդ հայրենիքին անկախութեան կարեւորութեան եւ անոր հանդէպ հաւատարմութեան ու պարտաւորութիւններու մասին:

Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուցին Ե. եւ Զ. կարգերէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք թատերական պատկերի մը ընդմէջէն` հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով, փոխանցեցին անկախութեան պատմութիւնը, գովերգեցին Լիբանանը` երգերով եւ արտասանութիւններով ու խոստացան սիրելու պաշտպանել այս հայրենիքը:

Յայտագիրին մէջ իրենց բաժինը բերին նախակրթարանի բոլոր դասարանները: Բ. եւ Դ. կարգերը յաջորդաբար ներկայացուցին հայրենիքի նուիրուած արաբերէն երկու քերթուածներ: Իսկ Զ. դասարանը` անգլերէնով ասմունքեց անկախութեան գաղափարին նուիրուած կտոր մը: Գ. դասարանէն խումբ մը սրահը խանդավառեց լիբանանեան ազգագրական «զաժալ»-ով, որուն յաջորդեցին Ա. դասարանի փոքրիկները` ռազմական կշռոյթով տողանցքով մը` ներկայացնելով լիբանանեան բանակը: Անոնք նաեւ արտասանեցին արաբերէն բանաստեղծութիւն մը: Ապա, Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտներ ներկայացուցին հայրենասիրական փունջ մը երգեր:

Յայտագիրին վերջին բաժինով նախակրթարանի արաբերէնի դասատուներէն Էվլին Իուազ աշակերտներուն ներկայացուց սահիկներու ցուցադրութիւն մը, որ կը փոխանցէր Լիբանանի անկախութեան կերտումի եւ յայտարարութեան պատմութիւնը:

Մանկապարտէզի փոքրիկները, իրենց կարգին եւ իրենց ոճով տօնեցին անկախութիւնը: Անոնք իրենց բակին մէջ տողանցեցին դրօշակներով, իրենց ձեռքերուն հետքերով ներկեցին լիբանանեան դրօշը, զարդարեցին Լիբանանի քարտէսը, դրօշակին գոյներով ներկեցին իրենց այտերը, դիտեցին եւ լսեցին անկախութեան պատմութիւնը ներկայացնող սահիկներ եւ լիբանանեան դրօշակները իրենց հետ տուն տարին հպարտութեամբ: